«ԵրկիրՄետիա».-ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պատկերասփիւռի հանրային կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ շրջադարձային նշանակութիւն կը համարէ Միւնիխի մէջ անվտանգութեան համաժողովին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին մասին քննարկումը:
«Կը կարծեմ, որ այդ հանդիպումը ունի շրջադարձային նշանակութիւն: Մայիս 2018-էն ի վեր Ատրպէյճան կը փորձէ ողջ միջազգային հանրութեան համոզել, որ Հայաստան ապակառուցողական դիրքորոշում ունի Ղարաբաղի հարցով: Այդ խօսակցութիւնը միջազգային հանրութեան շատ յստակ ցոյց տուաւ, որ Հայաստան ունի կառուցողական դիրքորոշում Ղարաբաղի հարցով, իսկ Ատրպէյճան ունի՝ ապակառուցողական: Սա ամենակարեւոր արդիւնքն է», ըսաւ Փաշինեան:
Վարչապետը դիտել տուաւ, որ երկրորդ ամենակարեւոր արդիւնքը այն է, որ իրականացած է իր հայ ժողովուրդին տուած կարեւորագոյն խոստումներէն մէկը:
«Ես ըսած եմ, որ ՀՀ ժողովուրդէն Ղարաբաղի հարցի բանակցային գործընթացին մէջ որեւէ բան չեմ պահեր: Անցած են այն ժամանակները, երբ Ղարաբաղի հարցի էութեան պէտք է տիրապետէ փորձագէտներու նեղ շրջանակը միայն: Ղարաբաղի հարցին էութենէն պէտք է տեղեակ ըլլայ ողջ հայ ժողովուրդը», ըսաւ վարչապետը:
Նիկոլ Փաշինեան աւելցուց, որ հանդիպումի հետեւանքով շատ կարեւոր բան տեղի ունեցած է:
«Ձեւաւորուած է Ղարաբաղեան հարցի բանակցային նոր բովանդակութիւն, որ ես պայմանականօրէն կ’անուանեմ Միւնիխեան սկզբունքներ», ըսաւ Փաշինեան: