19 Փետրուարին, Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան ընդունած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ներկայիս օրակարգը, գրասենեակի ծրագիրներն ու յառաջիկայ ընելիքները, մասնաւորապէս` Սեպտեմբերին տեղի ունենալիք համաժողովի ընթացքին սփիւռքի բոլոր կառոյնցերուն հետ գործակցութեան ու աշխոյժ մասնակցութեան ապահովման առնչուող հարցեր: Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ներկայացուցած է ՀՅԴ-ի կողմէն իրականացուող ծրագիրները, նախաձեռնութիւնները:
Կողմերը կարեւոր համարած են հայաստանեան կեանքին սփիւռքի ներուժի ներգրաւումը եւ հայրենադարձութեան գործընթացի կազմակերպումը:

Սփիւռքի Գլխաւոր Յանձնակատարի Գրասենեակ