Նախագահութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեանի, Ուրբաթ, 21 Փետրուար 2020-ին, Դամասկոսի Ազգ. Միացեալ Վարժարանէն ներս մեծ շուքով յիշատակուեցաւ Սրբոց Վարդանանց տօնը, մասնակցութեամբ՝ Ազգային Միացեալ վարժարանի աշակերտութեան: Ներկայ էին վարժարանի հոգաբարձութիւնը, ուսուցչական կազմը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան եւ վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ դոկտ. Նորա Արիսեանը, Ազգային Վարչութեան ատենապետ տիար Յարութ Քիլիսլեանը եւ Ազգ. մարմիններու ներկայացուցիչները:
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ Վարդանանց պատգամը ուղղեց Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տէր Լեւոն Վրդ. Եղիայեան:
Հայր Սուրբը աշակերտներուն պարզաբանեց Սրբոց Վարդանանց տօնին խորհուրդը, մատնանշելով անոնց բերած մեծ ներդրումը քրիստոնէական հաւատքի եւ հայրենիքի ազատութեան համար մղուած ճակատագրական պատերազմին:

Պատարագի ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքը յայտնեց, յիշելով, որ հայ ժողովուրդը անցնող օրերուն ոգեկոչեց Վարդանանց խորհուրդն ու յիշատակը այն վճռական պատերազմին, որ ճակատագրական պահ մը եղաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ, շնորհիւ մեր քաջարի հոգեւորական եւ աշխարհական ղեկավարներուն, որոնք զոհողութեամբ պահպանեցին մեր ազգային-եկեղեցական արժէքները:
Սրբազան Հայրը աւելցնելով ըսաւ. «Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ, իւրաքանչիւր ժամանակաշրջանին, Աւարայրն ու Վարդանանցը ունեցան իրենց պատգամը: Վարդանանց պատմութիւնը վճռորոշ դեր ունեցաւ մեր ժողովուրդի գոյութեան մէջ եւ սպառնացող բոլոր վտանգներուն դիմաց: Երբ թշնամին կ’ուզէր սպանել հայու հոգին, հայը վճռականօրէն ընթացաւ Վարդանի ամրակուռ հաւատքով ու տեսիլքով, եւ արեան գնով փարատեց բոլոր վտանգները: Հայ ժողովուրդը իր կեանքի ամենաճակատագրական հանգրուանին, երբ բաժնուած էր բիւզանդական եւ պարսկական կայսրութիւններուն միջեւ եւ կռուախնձոր դարձած՝ կարողացաւ հաստատուն պահել իր հաւատքը, լեզուն եւ մշակոյթը, որոնք պիտի շարունակեն մնալ մեր կեանքին առանցքը»:
Քրիստոնէական հաւատքի զօրութեան մասին խօսելով, Սրբազան Հայրը աշակերտներուն յայտնեց, որ քրիստոնէական հաւատքը հեռացուց վտանգը մեզմէ, որովհետեւ հիմնուած էր ժայռի վրայ եւ այդ ժայռը մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոսն է:

Տէր Մասիս Եպս. մատնանշելով Աւարայրի ճակատամարտի յաղթական երթը, ըսաւ. «451 թուականը հայ ժողովուրդին համար անկիւնաքար էր, որուն վրայ փշրուեցան հայը օտարացնող բոլոր ձգտումները: 451 թուականը պսակուեցաւ յաղթական դաշնագիրով, ուր հայը ապահովեց իր խղճի ու կրօնքի ազատութիւնը եւ հայրենիքի անկախութիւնը: Թէեւ Յազկերտը յաջողեցաւ մարմինը սպանել, սակայն հայու հոգին մնաց կենդանի եւ կենդանացնող»:

Պատարագէն ետք աշակերտները մեծ ոգեւորութեամբ ներկայացուցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր, վարդանաշունչ երգեր եւ բանաստեղծութիւններ մատուցելով, առաջնորդութեամբ՝ վարժարանի հայերէնաւանդ ուսուցչուհիներուն:

Այնուհետեւ խօսք առաւ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան եւ վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ դոկտ. Նորա Արիսեան, որ ողջունեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր քաջալերական այցելութիւնը եւ հրաւիրեց աշակերտները Վարդանանց խորհուրդով տէր ու պաշտպան կանգնելու մեր մայրենի լեզուին եւ քրիստոնէական հաւատքին:

Սրբազան հայրը յայտագիրի աւարտին գնահատեց դպրոցի պատասխանատուները՝ հոգաբարձութիւնն ու ուսուցչական կազմը իրենց տարած հայապահպանութեան նուիրական աշխատանքին համար: Ան Աւարայրի ճակատամարտի յաղթական երթը կամրջեց Սուրիոյ վերջին յաղթանակներուն, յատկապէս Հալէպի ամբողջական ազատագրումին, որոնք կը պարտինք սուրիական բանակին եւ անոր իմաստուն նախագահ տոքթ. Պաշար ալ Ասատին: Ան կարեւորութեամբ յայտնեց, որ երբ գոյութիւն կ’ունենան կամքը, տեսիլքը, հաւատարմութիւնն ու հայրենիքին համար զոհուելու պատրաստակամութիւնը՝ այն ատեն է որ կ’իրականանան բոլոր ազատութիւնները:
Սրբազան հայրը յայտնեց, որ յաղթական այս օրերուն կրկնակի ուրախութիւն ապրեցանք, երբ լսեցինք Սուրիոյ Խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, որուն համար Հալէպէն ժամանելով ան իր երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց Սուրիոյ ղեկավար մարմիններուն:

Ի տես աշակերտութեան աջալուրջ մասնակցութիւնը օրուան խորհուրդին, ան ըսաւ, թէ Վարդանը եւ իր ընկերները չեն մեռած, անոնք կ’ապրին մեր մէջ, որովհետեւ անոնց յաղթանակը հարթեց մեր պատմութեան առջեւ բացուած ճանապարհը, որ յաղթանակի ճանապարհն է: Իրենց վեհութեամբ, վեհանձնութեամբ Վարդանանք այսօր անգամ մը եւս կեանք առին Դամասկոսի Ազգ. Միացեալ վարժարանէն ներս՝ հասնելով Աւարայրէն մինչեւ Դամասկոս:

Սրբազան Հայրը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ աշակերտներուն եւ հպարտօրէն յայտնեց, որ աւելի քան 1500-ամեայ անմահութեան ճակատամարտը, որ դարեր շարունակ հայը ներշնչեց հայրենասիրութեամբ, այսօր հայ դպրոցէն ներս եւս արտացոլաց աշակերտներուն արտասանած խօսքերուն եւ երգերուն ընդմէջէն, բարոյական մեր յաղթանակը ի յայտ եկաւ աշակերտներու շրթներուն վրայ, անոնց դէմքերու ժպիտներուն մէջ, ուրախութեան եւ ցնծութեան պահուն:

Յիշենք, որ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անցնող օրերուն յատուկ պատուիրակութեամբ ժամանեց Դամասկոս, ուր ան տեսակցութիւն ունեցաւ նախ Սուրիոյ կրօնական կալուածներու նախարար Ապտուլ Սաթթար Սեյիտին, ապա Սուրիոյ Հանրապետութեան Մուֆթի Շէյխ Ահմետ Պատրըտտին Հասունին հետ եւ մասնաւոր ժամադրութեամբ այցելեց Սուրիոյ խորհրդարան, ուր տեսակցեցաւ Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Համմուտա Սապպաղին հետ եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի անունով իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Սուրիոյ Խորհրդարանին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման առիթով:
Դամասկոս գտնուած օրերուն Սրբազան Հայրը իր անդրանիկ այցելութիւնը տուաւ Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպանատուն եւ հանդիպում ունեցաւ ՀՀ Սուրիոյ դեսպան տիար Տիգրան Գէորգեանի հետ:
Տէր Մասիս Եպս. Ուրբաթ միջօրէին ներկայ գտնուեցաւ ՍՕԽաչի «Էրէբունի» մասնաճիւղին կազմակերպած Վարդանանցի եւ Բուն Բարեկենդանի տօնախմբութեան, մասնակցելով աւանդական հերիսայի սիրոյ սեղանին եւ օրուան խորհուրդը փոխանցեց ներկաներուն: Երեկոյեան Սրբազան Հայրը հովանաւորելով Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղին կազմակերպած Վարդանանց Տօնակատարութիւնը, ներկայ գտնուեցաւ ձեռնարկին եւ փոխանցեց Վարդանանց տօնի պատգամը: