ՀՅԴ Հանրային Կապերու Գրասենեակը կը հաղորդէ, որ 23 Փետրուարին, Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական ընդդիմադիր կուսակցութեան (HDP) հերթական 4-րդ համագումարը, որուն մասնակցեցան հազարաւոր պատգամաւորներ, իսկ այլ հազարաւորներ ալ զրկուած էին մասնակցելէ` Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ յարուցուած արհեստական արգելքներուն պատճառով:
Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի անդամ Կարօ Փայլեան համագումարի նախագահութեան անդամ էր:
Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերին ներկայացուցիչներ տարբեր երկիրներու եւ շրջաններու կուսակցութիւններու, ինչպէս՝ Ֆրանսա, Գերմանիա, Աւստրալիա, Թունուս, Պաղեստին, Յորդանան, Մարոք, Կիպրոս, Շուէտ, Լիբանան, Եգիպտոս, Իտալիա, Սպանիա, Քաթալոնիա, Դանիա, Նորուեկիա, Անգլիա, Սքովտիա, Փորթուկալ, Ֆինլանտա, Զուիցերիա, Հայաստան:
ՀՅԴ-ի կողմէ համագումարին մասնակցեցաւ Խաժակ Մկրտիչեան, որ նախապէս մասնակցած էր HDP-ի 3-րդ համագումարին եւս:
Համագումարի աշխատանքներուն աւարտին ընտրուեցան կուսակցութեան համանախագահներն ու խորհուրդը: HDP-ի կանոններուն համաձայն, կուսակցութեան ղեկավար մարմիններուն մէջ կիներու եւ տղամարդոց թիւը հաւասար է։ Վերընտրուեցան համանախագահներ Փերուին Պուլտան (Pervin Buldan) եւ Միթհատ Սանսար (Mithat Sancar):