«Ապառաժ».- 24 Փետրուարին Ստեփանակերտի Շառլ Ազնաւուրի անուան մշակոյթի կեդրոնէն ներս ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, ԱՀ նախագահի թեկնածու, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան, ՀՅԴ ԿԿ անդամներ` ԱՀ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան եւ Ազգային Ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Սարգսեան հանդիպած են Հանրապետութեան մշակութային գործիչներու հետ:
Հանդիպումին անդրադարձ կատարուած է Ազգային ժողովին մէջ «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ծաւալած օրէնսդիր արգասաբեր գործունէութեան, Արցախի ներքին եւ արտաքին հարցերու լուծման գծով ՀՅԴ-ի տարած աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ մշակութային բնագաւառի զարգացման համար Դաշնակցութեան տեսլականին:
Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի երիտասարդութեան եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան եւ ՀՅԴ ԿԿ-ի անդամ Սերկէյ Շահուերդեան: