ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ, Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի նախագահ Յակոբ ՏէրԽաչատուրեանի ելոյթը` Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովին:
Ահաւասիկ, ձեզի հետ են մեր Հայ Դատի բանակի ներկայացուցիչները, որոնք արծուաբոյն Արցախի մէջ հաւաքուած են` շարունակելու Հայ Դատի խորհրդաժողովին աշխատանքները: Անոնք եկած են մեզի հետ վերահաստատելու, որ անխոնջ կերպով պիտի աշխատին, որպէսզի Հայաստանի Հանրապետութիւնը մնայ յաւերժական, հզօր, անվտանգ ու շարունակաբար զարգացող:
Մեր Հայ Դատի զինուորագրեալները եկած են վերահաստատելու հայրենիք-սփիւռք միասնութիւնը` քաջ գիտակցելով, որ հզօր հայրենիքը եւ յանձնառու սփիւռքը մէկ ամբողջութիւն կը կազմեն: Բոլորս եկած ենք, որպէսզի Արցախեան ազատամարտին ծնած, ծաղկող Արցախի Հանրապետութիւնը շարունակէ մնալ բոլորին գուրգուրանքի առարկան, որպէսզի անիկա ըլլայ պինդ, հայակոփ ու զարգանայ առանց զիջումներու:
Մեր սերունդի մեծագոյն իրագործումներէն է Արցախի ազատագրումը Ատրպէյճանի ջարդարար ճիրաններէն եւ անհրաժեշտ է, որ բոլորով աշխատինք, որպէսզի արեամբ ու քրտինքով ձեռք բերուած Արցախի ազատագրումը չմսխուի դիւանագիտական սեղաններու շուրջ:
Արցախի ազատագրումը, անկախացումը եւ ի վերջոյ Հայաստանին միացումը ՀՅԴ-ի եւ Հայ Դատի համակարգին համար կարեւորագոյն առաջնահերթութիւն են: Արցախով է, որ կը գործնականանայ ամբողջական Հայաստանի տեսլականի առաջին կարեւորագոյն փուլը: Արցախի գոյամարտով պէտք է սնուի մեր երիտասարդութիւնը, նոր սերունդը` վկայելով, որ մեր ժողովուրդին մէջ անմար կը մնայ յեղափոխական սխրանքը, ազատատենչութիւնը եւ մեր իրաւունքները նոյնիսկ կեանքի գնով պաշտպանելու յանձնառութիւնը:
Եւ ահա՛, Հայ Դատի ընկերներն ու ընկերուհիները եկած են հոս` անգամ մը եւս շեշտելու, որ այդ յանձնառութենէն ծնած Արցախի Հանրապետութիւնը հարկ է ամէն գնով պաշտպանել, անվտանգութեան միջազգային երաշխիքներ ապահովել, անոր ինքնորոշման իրաւունքը շեշտադրել եւ փաստել, որ Արցախին ուղղուած իւրաքանչիւր հարուած հարուած է ամբողջ հայութեան: Ըստ կացութեան, այդ հարուածները պիտի արժանանան համապատասխան համահարուածի:
Հայ Դատի զինուորագրեալները հոս հաւաքուած են նաեւ միջոցներ որոնելու, որպէսզի Ջաւախքի մեր քոյրերն ու եղբայրները ամուր կառչած մնան իրենց հողին, որպէսզի անոնց մարդկային, անհատական ու հաւաքական իրաւունքները չոտնահարուին եւ չխաթարուի անոնց հայկական պայծառ դիմագիծը:
Պէտք է քննարկենք նաեւ Արեւմտահայաստանի մէջ աշխատանքի դաշտի զարգացումը, պոլսահայութեան իրաւունքներու խնդիրը եւ օժանդակութեան հարցերը, հայրենիքէն դուրս ամէնուրեք հայակերտման, հայութեան վերադարձի խնդիրը եւ երիտասարդութեան ներգրաւումը, ՀՅԴ տեսլականով տոգորումը եւ ժողովուրդին ծառայելու պատրաստակամութեան ամրապնդումն ու քաղաքականացումը:
Հայ Դատի զինուորագրեալները եկած են նաեւ ուղղելու միասնականութեան պատգամ, որովհետեւ ժամանակն է հաստատելու համազգային օրակարգ, որուն շուրջ կը համախմբուի ամբողջ հայութիւնը եւ կը լծուի Հայ Դատի մեր սուրբ պայքարին:
Թոյլ տուէք, պարո՛ն նախագահ, սիրելի՛ սրբազան հայր, յարգարժա՛ն հիւրեր անգամ մը եւս շեշտադրելու մեր վճռականութիւնը` կանգնելու ձեր կողքին, որպէսզի Արցախը մնայ պինդ, կայուն, Արցախը զարգանայ համահայկական մղումով, Արցախը ըլլայ ամբողջ հայութեան լաւագոյն նպատակակէտը եւ Արցախը սերունդները ներշնչէ այն հաստատ հաւատքով, որ կամքի առկայութեան պարագային` նպատակը տկարութիւն չի ճանչնար: