Ուրախ եմ բոլորիդ կրկին տեսնելով Արցախի մէջ: Ձեզմէ իւրաքանչիւրը ունի առանձնայատուկ վերաբերմունք Արցախի նկատմամբ եւ տարիներ շարունակ կ՛ընէ իր կարելին` անոր զարգացման եւ հզօրացման համար: Մենք այդ մէկուն քաջ կը գիտակցինք եւ բարձր կը գնահատենք:

Կ՛ուզեմ ջերմօրէն ողջունել ձեզ եւ յայտնել, որ Արցախի մէջ դուք կը վայելէք խոր յարգանք ու վստահութիւն: Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովի իրականացումը Արցախ դարձած է բարի աւանդոյթ, եւ այսօրուան ձեռնարկը անոր վառ ապացոյցն է: Հայ Դատը այն համահայկական կառոյցներէն է, որ տասնամեակներ շարունակ յամառ պայքար կը մղէ մեր համազգային հարցերու լուծման ուղղութեամբ` յատուկ ուշադրութեան առարկան պահելով Արցախը:

Կարելի չէ պատկերացնել միջազգային հարթակներու վրայ Արցախի շահերուն պաշտպանութիւնը, տարբեր երկիրներու եւ ատեաններու մէջ մեր մասին ճշմարտացի տեղեկութիւններիու տարածումը, Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումին ուղղուած քայլերու իրականացումը, բազմաթիւ պետութիւններու եւ անոնց կառոյցներուն հետ կապերու հաստատումն ու խորացումը, մեր հանրապետութենէն ներս զանազան ծրագիրներու իրականացումը առանց Հայ Դատի գործուն մասնակցութեան, անոր մեծածաւալ եւ անձնուէր աշխատանքին:

Այս ուղղութիւններով ձեռքբերումներն ու յառաջընթացը ակնյայտ են: Կան նաեւ շատ ընելիքներ: Ինչպէս գիտէք, մեր հակառակորդները չեն հրաժարիր իրենց նենգ նպատակներէն եւ ակնյայտօրէն կը վարեն յարձակողական, հայատեաց քաղաքականութիւն: Այս ամէնը կը պահանջէ շարունակել ձեռնարկել համակարգուած, նպատակաուղղուած ու համարձակ քայլեր մեր շահերը պաշտպանելու համար` ամուր պահելով Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը:

Վստահ եմ, որ դուք այսուհետեւ եւս կ՛ընէք ձեր կարելին այս ուղղութեամբ: Վստահ եմ, որովհետեւ շատերդ անձամբ կը ճանչնամ, տեսած եմ այն հայրենասիրութիւնը, արհեստավարժութիւնը, եռանդն ու լաւատեսութիւնը, որոնք առկայ են ձեր մօտ:

Յարգելի՛ ներկաներ,
Խորհրդաժողովի օրակարգին մէջ ընդգրկուած են տարբեր հարցեր: Համոզուած եմ, որ անոնք համապարփակ կերպով եւ համակողմանիօրէն կը քննարկուին ու կեանքի կը կոչուին:
Օգտուելով առիթէն` կ՛ուզեմ տեղեկացնել, որ ստորագրած եմ հրամանագիր, որուն համաձայն, Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման ուղղուած աշխոյժ գործունէութեան, Արցախ-սփիւռք կապերու ամրապնդման ու զարգացման գործին ներդրած նշանակալի աւանդին համար Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը պարգեւատրուած է «Երախտագիտութիւն» մետալով, զոր ես կը ցանկայի յանձնել այս հանդիսաւոր օրուան առիթով: Կրկին կը շնորհաւորեմ բոլորդ, կը մաղթեմ աշխոյժ ու արդիւնաւէտ աշխատանք եւ ամենայն բարիք: