Ստեփանակերտի մէջ 25 Փետրուարին տեղի ունեցած ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու խորհրդաժողովին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանին արտասանած խօսքը:
«Կ՛ողջունեմ բոլորիդ մասնակցութիւնը Հայ Դատի յանձնախումբերու խորհրդաժողովին, որը տեղի կ՛ունենայ մեր բոլորին սրտին ամենազգայուն կէտին` հպարտութեան, սիրոյ, պատուի, կամքի ու յաղթանակի առանցքին մէջ` Արցախի մէջ:
Պարտադիր չէ յիշեցնել, թէ ինչո՛ւ խորհրդաժողովի գումարման վայրը ընտրուեցաւ ճիշդ այստեղ. այդ հարցին պատասխանը բոլորիս մէջ է, որովհետեւ Արցախը բոլորիս մէջ է, մեր ամէնօրեայ խոհերուն, մեր խօսքին մէջ եւ որ ամենակարեւորն է` գործին մէջ: Աշխարհով մէկ սփռուած Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու նուիրեալները բոլորէն լաւ գիտեն, որ Արցախէն կ՛անցնի հայուն լինելիութեան մայր ճանապարհը, եւ այդ ճանապարհը միշտ պէտք է զերծ պահել օտարածին թափանցումներէն ու քաղաքական խարդաւանքներէն: Այդ ճանապարհը բոլորիս պատուի ուղին է, ու սա այն յստակ սահմանումն է, որ ապացուցելի ու վիճելի չէ:
30 տարի առաջ Դաշնակցութիւնը զգալով վերահաս վտանգը` վերադարձաւ Արցախ, վերադարձաւ զէնքով, կամաւորի ազնիւ մղումներով, առաջինը նետուեցաւ մարտի դաշտ ու պայքարի կոչ ուղղեց: Դաշնակցութիւնը կոսնցուց իր գաղափարակից մարտիկներու ամբողջ բանակ մը, որովհետեւ անոնց համար կուսակցութեան գաղափարախօսութիւնը վեր էր ամէն բանէ ու յանուն այդ գաղափարախօսութեան ալ չխուսափեցան սեփական կեանքը նուիրաբերելու: Զոհաբերութեան գնով կեանք առին յաղթանակները, Դաշնակցութիւնը անկախութեան գաղափարը դարձուց հաւատամք, դարձաւ ազատ Արցախի պետականակերտման անտրտունջ շինարարներէն մէկը եւ մինչ օրս ալ կը շարունակէ իր սկսած գործը:
Հայ Դատի յանձնախումբերը, իրենց գործունէութեան կիզակէտին մէջ պահելով Արցախի ճանաչման դժուարին առաքելութիւնը, նիւթական ու մարդկային նուազ միջոցներով, բայց նպատակի գիտակցումով օրնիբուն կը պայքարին` ամէն պահու զգալով ատրպէյճանական եւ թրքական նենգ քարոզչութեան հարուածները: Անոնք հարուածներէ չեն վախնար, անոնք պատմական ճշմարտութեամբ կը հակադարձեն, անոնք չեն կաշառեր մարդիկ, որ վերջիններս ամպիոններէն սուտեր արտասանեն, անոնք կաթիլ առ կաթիլ կը մատուցեն ճշմարտութիւնը` յանուն արդարութեան:

Սփիւռքի մէջ Արցախի մշտական ներկայացուցչութիւններու, իսկ Արցախի մէջ իշխանութիւններու հետ Դաշնակցութիւնը պատրաստակամօրէն կը սատարէ բոլոր այն ծրագիրներուն, որոնք կը միտին Արցախի միջազգային ճանաչումին, անոր զարգացման ու շէնացման: Բնական դաշնակիցներ ըլլալով, տասնամեակներ շարունակ յաջողած ենք ցուցաբերել համագործակցութեան օրինակելի վարքագիծ` միշտ առաջնորդուելով յանունի գաղափարով:

Այսօր հաւաքուած ենք ամփոփելու եղածը եւ խօսելու ընելիքներու մասին, որովհետեւ Դաշնակցութեան համար միշտ ալ ընելիքներ շատ են, յատկապէս ներկայ փուլին` զանազան մարտահրաւէրներու եւ աշխարհի մէջ տեղի ունեցող քաղաքական խաղերու թնճուկին ներքեւ:

Կ՛ուզեմ կրկին ողջունել բոլորդ, բարի ընթացք մաղթել խորհրդաժողովին եւ խօսքս եզրափակել Նժդեհի յայտնի խօսքով. «Ոչ մի տեղ առանց Արցախի ու Սիւնիքի, առանց աշխարհագրական Հայաստանի այդ հզօր ողնաշարի մեր ամբողջական հայրենիքը գոյութիւն ունենալ չի կարող»: