Մուտք 
Բերիոյ Հայոց Թեմը կը հանդիսանայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին պատմական թեմերէն մէկը։ Թեմին կազմաւորման եւ կազմակերպման հոլովոյթը սերտօրէն աղերսուած է նստավայր Հալէպի հայ համայնքին պատմութեան հետ, որ իր կարգին առնչուած է Սուրիոյ տարածքին հայերու ներկայութեան հետ, պատմութեան բոլոր փուլերուն, հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը։
Արդ, Բերիոյ Հայոց Թեմի նստավայր Հալէպի Սալիպէ թաղամասի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցին, ԺԴ. դարէն առ այսօր Թեմի առաջնորդանիստ եկեղեցին է, անցեալին եղած է նաեւ կաթողիկոսանիստ Եկեղեցի, ուր կատարուած են կաթողիկոսական ձեռնադրութիւններ եւ սրբալոյս միւռոնի օրհնութիւններ1։ Ինչպէս նաեւ, եկեղեցւոյ նախնական մատուռ-աղօթատեղին որպէս դամբարան ծառայած է կաթողիկոսներու, առաջնորդներու, բարձրաստիճան եկեղեցականներու եւ ականաւոր աշխարհականներու։ Այդտեղ թաղուած են Սիսի Ս. Աթոռի երջանկայիշատակ գահակալներէն Ազարիա Ջուղայեցի (1601թ.), Պետրոս Կարկառեցի (1608թ.), Մկրտիչ Քէֆսիզեան (Մարաշցի) (1894թ.) եւ Բաբգէն Ա. Կիւլէսէրեան Աթոռակից (1936թ.) կաթողիկոսները։ Վերջնոյն աճիւնները, Երանաշնորհ Խորէն Ա. Բարոյեան Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինումով, 29 Սեպտեմբեր 1966-ին փոխադրուած են Անթիլիասի Զարեհեան Դամբարանը2։
Արդարեւ, Հայաստանէն դէպի Պաղեստին ուխտագնացութեան զարգացումով, հայ ուխտաւորներուն համար Հալէպը սկիզբը հանդիսացած է հոգեւոր կայան մը, յետոյ դարձած է ազգային-եկեղեցական կենսունակ կեդրոն, մինչեւ առանձին թեմի մը վերածուիլը։ Այս պարագային շօշափելի վկայութիւն կարելի է նկատել Հալէպի երուսաղէմապատկան հայկական Հոգետունը, կառուցուած՝ 1624 թուականին, Երուսաղէմի Գրիգոր Է. Գանձակեցի Պատրիարքին (Պարոնտէր) (1613-1645թթ.) կողմէ, որպէս Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց վանքին «տուն» կամ «օթեւան», Մերձաւոր Արեւելքէն դէպի Երուսաղէմ գացող հաւատացեալներուն համար3։ Հալէպի Հոգետունը առաջին անգամ նորոգուած է 1721-ին, Գրիգոր Շիրաւանցի Շղթայակիր Պատրիարքի (1715-1749թթ.) օրօք,  որուն մասին կը վկայէ յատուկ արձանագրութիւն մը4։
Պատմական տարբեր հանգրուաններուն, հայերը կայք հաստատած են Սուրիոյ տարածքին, Միջերկրականի ծովեզերքը եւ Միջագետք։ Հալէպի, Անտիոքի, Եդեսիոյ եւ Պաղտատի մէջ գրչագրուած ձեռագիրներուն յիշատակարանները այն կարեւորագոյն աղբիւրներէն կը նկատուին, որոնք հաւաստի տեղեկութիւններ կը փոխանցեն այդ շրջաններու հայկական համայնքներուն մասին5։ Այս շրջագիծէն ներս, յիշարժան է որ հայոց Մեծն Տիգրան թագաւորի հայկական տէրութեան (83-69, Ք.ա.) սահմանները հասած էին մինչեւ Պաղեստին, եւ Անտիոք դարձած էր հայոց թագաւորին մայրաքաղաքներէն մէկը6։
Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ Պատմական Առաջին Յիշատակութիւնը
Հալէպի մէջ գրչագրուած հայերէն ձեռագիրներու հին յիշատակարաններուն մէջ, հայոց Ս. Աստուածածին եկեղեցին նախ յիշատակուած է եւ յետոյ՝ Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցին։
Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ պատմական վաւերական առաջին յիշատակութեան կը հանդիպինք 1429 թուականին Ստեփանոս քահանայ Կրակեցիի կողմէ՝  Հալէպի մէջ գրչագրուած ժողովածուի մը յիշատակարանին մէջ7։
Նոյն շրջափակէն ներս, իրարու կից գտնուող Ս. Աստուածածին եւ Սրբոց Քառանից Մանկանց եկեղեցիները միասին յիշատակուած են 1476 թուականին, ըստ Հալէպի Դասատան մէջ  «Մելքիսեդ կրօնաւոր»ի կողմէ գրչագրուած եւ Կարապետ Վարդապետ Բերկրիցիի կողմէ ծաղկուած` պատկերազարդ Աւետարանի մը յիշատակարանին8։
Ձեռագիր մատեանը եւ յիշատակարանը մեծապէս անընթեռնելի են։
Հալէպի սկզբնական հայ համայնքը սկսած է ընդարձակուիլ, նաեւ եկուոր ազգակիցներով եւ հայ եկեղեցականներով, այս մէկուն սատարած է քաղաքին առեւտրական կարեւոր դիրքը, որուն շրջագիծէն ներս համայնքին զաւակները ձեռնամուխ եղած են տեղւոյն առեւտուրին եւ արհեստներուն, աւելի ծաղկած է հայ համայնքին մանաւանդ եկեղեցական կեանքը, եւ պատմական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակն ու Սրբոց Քառասնից Մանկանց նախնական մատուռը՝ գործուն վանքի մը պատկերը պարզած են։
Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ Պատմական Առաջին Ընդարձակումը 
Աւանդութեան մը համաձայն, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եւ նախկին Ս. Աստուածածին եկեղեցիներու վայրը քրիստոնէական գերեզմանատուն մը եղած է, իր փոքր մատուռով, հաւանաբար ասորական, եւ մինչեւ 1500-ական թուականները ներկայացած է որպէս մատուռ-աղօթատեղի մը, Հալէպի կեդրոնէն հեռու եւ պարիսպէն դուրս, հազիւ հարիւր հաւատացեալ պարփակող։
Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ 1476 թուականի պատմական առաջին յիշատակումէն ետք, 1499-1501 թուականներուն, Հալէպի հայ համայնքի երեւելիներէն «Ըռէյիս պարոն Յիսէ»ի բարերարութեամբ, մատուռ-աղօթատեղին դէպի արեւելք-արեւմուտք ուղղութեամբ ընդարձակուած է։
Այս ընդարձակումը հաստատող պատմական արձանագիրը յայտնաբերուեցաւ 2000 թուականին, եւ մինչեւ սուրիական տագնապը ցուցադրուած էր Սրբոց Քառասնից Մանկանց շրջափակին մէջ գործող Հալէպի Զարեհեան գաձատան մէջ9։
Վերոյիշեալ արձանագիրին մէջ կը կարդանք.
«Յանուն Աստուծոյ ի թուին ՋԱ-ՋԾ [?] [+551=1501] ի պարունութեան Իւզտէմուռին եւ յառաջնորդութեան Տէր Յովհաննէս կաթողիկոսին [Յովհաննէս Բ. Թլկուրանցի (1489-1529թթ.)] ես Ըռէիս Յիսէս շինել տուի զեկեղեցիս  յանուն Սուրբ Քառասնիցն յիշատակելոյս հոգուն եւ տնօրեքս [?], ինձ եւ կենակցուն իմ Ահալին եւ որդոցն իմ Ճուրճոսին եւ Սարգիսակին եւ [Յ] ուսէփին եւ գնացելոցն ի Քրիստոս նոր փեսայ Թումայ ի՞ն»10։
Նորակառոյց եկեղեցին անուանուած է՝ Սեբաստիոյ մէջ Դ. դարուն քրիստոնէական հաւատքին համար նահատակուած քառասուն զօրականներուն ի յիշատակ։
Անտարակոյս որ այդ օրերուն «Ըռէյիս պարոն Յիսէ» ներկայացած է իբրեւ ԺԵ. դարու վերջին քառորդի եւ ԺԶ. դարու սկզբնական շրջանի Հալէպի հայ համայնքի յայտնի դէմքերէն մին, որ մասնակի կերպով նորոգած է նաեւ նոյն սրբավայրի շրջափակին մէջ գտնուող՝ Մարոնիթ համայնքի Ս. Եղիա եւ Յոյն օրթոտոքս համայնքի Ս. Գէորգ մատուռ-եկեղեցիները11։ Նոյն բարերարը միաժամանակ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս ձեռնարկած է կարեւոր այլ շինութիւններու, հեռու տեղերէ Հալէպ ժամանող իր ազգակից հիւրերուն եւ մասնաւորպէս իրենց ճանապարհը դէպի Երուսաղէմ շարունակող ուխտաւորներուն հանգիստին համար, ան կառուցած է «հանգստեան խուցեր», երբ երուսաղէմապատկան հայկական Հոգետունը տակաւին չէր իրագործուած, ինչպէս նաեւ կառուցած է «Թագաւորական Դարպաս», այլ խօսքով՝ «Վայելուչ Առաջնորդարան», որպէս ամառնային ժամատեղ, որ ԺԶ. դարու վերջին քառորդին ընդարձակուելով ծառայած է Սիսի Ս. Աթոռի գահակալներուն իբրեւ ժամանակաւոր նստավայր, ուր եւ ծաղկած է Հալէպի նշանաւոր Դասատունը12։
Ընդհանրապէս Հալէպ քաղաքը, ԺԶ. դարու սկիզբը պարզած է բարեկեցիկ ոստանի մը պատկերը, ինչ որ քաջալերած է որպէսզի յատկապէս Լեռնային Կիլիկիոյ զանազան շրջաններէն, մանաւանդ Զէյթունէն եւ Մարաշէն, հայեր գաղթելով կայք հաստատեն Հալէպի մէջ, սատարելով տեղւոյն հայ համայնքին հանգրուանային բարգաւաճումին։ Նշելի է որ հայ թէ օտար աղբիւրներ ընդհանրապէս ժլատ են Հալէպի հայ համայնքին ԺԶ. դարու վերջին քառորդի կեանքին եւ գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ հաղորդելու պարագային։
Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Պատմական Երկրորդ Ընդարձակումը
Սիսի Կաթողիկոսութիւնը դէպքերու բերումով եւ ընդառաջելով ժամանակի պահանջներուն, 1600-ական թուականներուն իր վարչական եւ հոգեւոր գործունէութիւնը մասնակի փոխադրած է Հալէպ, ուր կը տիրէր մեծ ոգեւորութիւն, երբ տեղւոյն «Կաթողիկոսարան»ին, Առաջնորդարանին, Դասատունին եւ Հոգետունին մէջ համախմբուած էին կարող եկեղեցականներ։ Բնականաբար այս դրութեան նպաստած է Հալէպի միջազգային կարեւոր դիրքը։
Միւս կողմէ, պատմա-աշխարհագրական Սուրիան եղած է այն երկիրը, ուր շուրջ տասնեակ մը տեղաբնիկ քրիստոնեայ եւ գլխաւորաբար Պաղեստինի սրբավայրերուն պատճառով խաչակիրներուն եւ աւելի ուշ՝ քարոզչական առաքելութիւններուն միջոցաւ, յատկապէս ամբողջ միջնադարուն, շարունակականօրէն եւրոպական իրականութեան հետ շփման մէջ մնացած է13։ Թերեւս այստեղ հետաքրքրական է յիշել Հայր Մըթրի Հաճի Ասանասիոսի հետեւեալ կարծիքը.
«Կարեւոր է յիշել քրիստոնեայ Հալէպի ունեցած դերը ԺԷ. դարուն Միջին Արեւելքի բեմահարթակին վրայ։ Շնորհիւ Հալէպի տաղանդաւոր զաւակներուն եւ Զարթօնքի յառաջապահներուն, արաբական գրական-իմացական Զարթօնքը ծլարձակած է եւ ապա Հալէպէն՝ անցած է Լիբանան, մինչեւ Եգիպտոս եւ այլուրք…»14։
Անվիճելիօրէն Արաբական Զարթօնքի կերտիչները հանդիսացած են Հալէպի հայազգի գործիչները15։
Այդ օրերուն Հալէպի բնակչութեան հոծ արաբներուն կողքին, շօշափելի թիւ կազմած են թուրքերը, պարսիկները, հրեաները եւ հայերը, նաեւ իտալացի, ֆրանսացի, սպանացի եւ այլ արեւմտաեւրոպացի առեւտրականներ, հոգեւորականներ, դիւանագէտներ։ Օսմանցիք քաջալերած են եկուորներու ընթացքը, գլխահարկի նպատակներով։
Հետեւաբար Սուրիոյ հայութեան կեդրոնը դարձած է Հալէպ քաղաքը։ Ճանապարհորդ Սիմէոն Լեհացի 1616-ին երբ առաջին անգամ Հալէպ այցելած է, դէմ հանդիման գտնուած է «բարգաւաճ» համայնքի մը հետ եւ յատուկ հիացումով պատմած է տեղւոյն հայ վաճառականներուն, անոնց հարստութեան ու ազդեցիկ դիրքին մասին16։
Յատկանշական է, որ Հալէպի հայ համայնքի ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս, (ԺԶ.-ԺԸ.դդ.) ջուղայեցիք իրենց մեծատուն վաճառականներով եւ ազդեցիկ խոճաներով խիստ որոշադրիչ, նոյնիսկ առաջնորդող դեր ունեցած են։ Աւելին, 1600-1605 թուականներուն, Հալէպի տուները եղած են քարաշէն ու գեղակերտ, իշխաններ եւ բարձր- աստիճան պաշտօնատարներ ընդունելու յարմարութիւններով օժտուած, որոնց սեփականատէրերը ի շարս այլոց եղած են հայերը17։ Բացի այդ, նոյն շրջանին եւրոպական շարք մը երկիրներու ներկայացուցիչները, մանաւանդ Հոլանտայի, Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Սպանիոյ, վաճառականական նպատակներով սկսած են հաստատուիլ Հալէպ, հիմնած են իրենց հիւպատոսութիւնները եւ գործակցած են հայ վաճառականներուն հետ18։
Այս խրախուսիչ պայմաններուն մէջ, 1616-ին, Հալէպի հայ համայնքի երեւելիներէն՝ իշխան Պետիկ Չէլէպիի բարերարութեամբ, եւ եղբօրը Սանոս Չէլէպիի վերակացութեամբ19, Սիսի Յովհաննէս Դ. Անթէպցի Կաթողիկոսի (1602-1621թթ.) եւ Հալէպի Առաջնորդ Խաչատուր Արքեպիսկոպոս Կարկառեցիի օրօք (1603-1620թթ.), Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցին երկրորդ անգամ վերաշինուած եւ ընդարձակուած է՝ դէպի հարաւ-արեւմուտք ուղղութեամբ, կառուցուած է ներկայի սիւնազարդ բաժինը, միաժամանակ անաղարտ պահուած է նախնական սրբավայր մատուռը եւ Ըռայիս Պարոն Եսայիի կողմէ իրագործուած առաջին ընդարձակումը։
Այս մասին կը վկայէ Հալէպի մէջ Վարդան Լեհացիի կողմէ գրչագրուած եւ «Ամթեցի Իսրայէլ»ի կողմէ ծաղկուած՝ Աւետարանի մը յիշատակարանը20։
Թանկագին յիշատակարան մը, որ ոչ միայն կը հաստատէ եկեղեցւոյ վերաշինութիւնն ու բարերարները, այլ կարեւոր ապացոյց է այդ օրերուն Հալէպ քաղաքին եւ տեղւոյն հայ համայնքին պարզած կազմակերպուած եւ կենսունակ վիճակին մասին։
Եկեղեցւոյ նորակառոյց բաժինը ունեցած է (20×14 քառակուսի մեթր) տարածութիւն, կառուցուած է վեց հաստ հիմերով սիւներու վրայ, հողածածկ տանիքով։ Սակայն եկեղեցին գմբէթ չունի, կը կարծուի թէ՝ 1633 թուականին, խուսափելու համար օսմանցիներու եւ ընդհանրապէս տեղացիներու կրօնական մոլեռանդութենէն, համայնքին երեւելիները խոհեմութիւն համարած են գմբէթը վար առնել։ Եկեղեցին ունի երեք գեղակերտ խորաններ։
Եկեղեցւոյ աջակողմեան դասուն մէջ տեղադրուած է Առաջնորդական փայտեայ գահը, մեծադիր եւ գմբէթաւոր (1733թ.)։
Վերնատունը իրագործուած է՝ 1874-ին։
Եկեղեցւոյ հիւսիսային պատին մէջ, 1888 թուականին շինուած է մկրտութեան աւազանը։
Այնուհետեւ Եկեղեցին յաճախակիօրէն նորոգուած եւ բարեզարդուած է։
Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ 1616 թուականի պատմական երկրորդ վերաշինութեան եւ ընդարձակման զուգահեռ, Առաջնորդարանին յաճախակի յիշատակութիւններն ու նորոգութիւնները, կարելի է նկատել Թեմին եւ Հալէպի հայ համայնքին կենսունակութեան յայտարարներէն։
Մինչեւ 1911 թուական Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցին զանգակատուն չէ ունեցած, 1912-ին կառուցուած է լայնանիստ եւ բարձրադիր զանգակատուն-աշտարակը, որուն շինութիւնը ամբողջացած է 1929-ին, բարերարութեամբ պրազիլաբնակ Րըզըք Ալլահ Թահհանի։
Զանգակատուն-աշտարակը երկու անգամ վերանորոգուած է՝ 2005-ին եւ 2019-ին (արդեամբ՝ յաջորդաբար մայր եւ դուստր Բենելոբ եւ Անի Տնկիկեաններու, ի յիշատակ իրենց զաւկին եւ եղբօր Արտաւազդ Տնկիկեանի)։
Եկեղեցւոյ նորոգութիւնները պարբերաբար շարունակուած են։ Կարելի է յիշել որ եկեղեցւոյ շրջափակին հիւսիսակողմը, 28 Մայիս 1989-ին իրագործուած է Մեծ Եղեռնի Նահատակաց Յուշարձան-Որմնաքանդակը (արդեամբ՝ Կարօ եւ Տիրան Գլըճեան եղբայրներու, նախագիծ՝ հալէպահայ ճարտարապետ Սարգիս Պալմանուկեանի, իրագործում՝ հալէպահայ ճարտարապետ Գէորգ Երամեանի)։ Ապա, 8 Մայիս 1990-ին, պատմական Ս. Աստուածածին Եկեղեցին վերածուած է Զարեհեան Գանձատան (բարերարութեամբ՝ ֆրանսահայ Գէորգ Պագըրճեանի, նախագիծ եւ իրագործում՝ հալէպահայ ճարտարապետ Գէորգ Երամեանի, Գանձատան առաջին կազմակերպումը եւ դասաւորումը կատարուած է Դոկտոր Հուրի Ազէզեանի կողմէ)։ Իսկ 6 Հոկտեմբեր 1996-ին, նախաձեռնութեամբ Հալէպի Տարօն-Տուրուբերան Հայրենակցական Միութեան, շրջափակի արեւելակողմը իրագործուած է՝ Տարօն Աշխարհի Ու Նահատակներուն նուիրուած Յուշարձան-Որմնաքանդակը (նախագիծ՝ հալէպահայ արուեստագէտ Վիգէն Պէրթիզլեանի, իրագործում՝ հայրենի արուեստագէտներ Մկրտչեան եղբայրներու)։ Աւելի ուշ, 2005-ին, Եկեղեցւոյ հարաւային մուտքի հանդիպակաց պատին իրագործուած է Խաչքար-Որմնաքանդակը (արդեամբ՝ հալէպահայ Մկրտիչ Չափանեանի զաւակներուն, ի յիշատակ իրենց ծնողաց)։
Սակայն անվիճելիօրէն բոլոր նորոգութիւններուն պսակը հանդիսացաւ, 2018-2019 տարիներու Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ հիմնական վերաշինութիւնը, յետ սուրիական պատերազմին, բծախնդիր հսկողութեամբ օրուան Թեմի Առաջնորդ Շահան Արք. Սարգիսեանի (2004-2019 թթ.)։ Եկեղեցին նորոգուեցաւ եւ բարեզարդուեցաւ նախկին հնագիտական շքեղ ոճով։ Շինարարական աշխատանքներուն մեկնարկը սկսաւ յատուկ աղօթքով, 31 Մայիս 2018-ին, հանդիսաւոր սրբագործումն ու վերաբացումը կատարուեցան, 30 Մարտ 2019-ին, Ձեռամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ (բարերարութեամբ՝ նուիրատուներու եւ հաւատացեալ ժողովուրդին)։
Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցին21, աւելի քան 500 տարիներու իր դարարմատ պատմութեամբ եւ ժողովրդամատոյց առաքելութեամբ՝ պիտի շարունակէ ներկայացնել քրիստոնէական համաշխարհային բացառիկ խորհրդանիշ մը, մինչ Հալէպի հայ համայնքին, ինչու չէ սուրիահայութեան՝ կազմակերպումին, ծաղկումին, տառապանքին, վերածնունդին ու վերընձիւղման, եւ ստեղծագործ հանճարին հնչեղ վկայարանը։
Դոկտոր Հուրի Ազէզեան
1- Սիւրմէեան, Արտաւազդ Արք., Պատմութիւն Հալէպի Հայոց (1355-1909), Փարիզ, 1950, 3։ 491, 634, 782։   
2- Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար, տե՛ս,
– Տէմիրճեան, Վարդան Եպսկ., Գաւազանագիրք, Անթիլիաս, 1980, 1։412։
 3- Սիւրմէեան, Արտաւազդ Արք., Պատմութիւն Հալէպի Հայոց (1355-1909), 3։ 95։
– Կը կարծուի թէ նախնական Հոգետունը օգտագործման իր նպատակներով, անպայման գոյութիւն ունեցած է շատ աւելի հին ժամանակներէն ի վեր, Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս, եւ 1616 թուականի Եկեղեցւոյ երկրորդ ընդարձակումէն ետք է որ, կառուցուած է ներկայի վայրին մէջ։ Այսօր արդէն աղաւաղուած է անոր հայկական դիմագիծը։
4- Սիւրմէեան, Արտաւազդ Արք., Պատմութիւն Հալէպի Հայոց (1355-1909), 3։97-98։ Սաւալանեանց, Տիգրան, Պատմութիւն Երուսաղէմի, գրաբար բնագրէն աշխարհաբարի վերածեց՝ Մեսրոպ եպս. Նշանեան, Տպարան Սրբոց Յակոբեանց, Ա. հատոր, Երուսաղէմ, 193, 11։574։ Աղաւնունի, Մկրտիչ Եպիսկոպոս, Միաբանք Եւ Այցելուք Հայ Երուսաղէմի, Տպարան Սրբոց  Յակոբեանց, Երուսաղէմ, 1929, էջ 84։  
5- Աբրահամեան, Աշոտ Գ., Համառօտ Ուրուագիծ Հայ Գաղթավայրերի Պատմութեան, Երեւան, 1964, 1։425։ 
6- Նոյնը, 1։428։ Յովհաննէսեան Պետրոս Յ. եւ Աբրահամեան, Աշոտ Գ., Հայ Ժողովրդի Պատմութեան Քրէստոմատիա – Հնագոյն Ժամանակներից Մինչեւ IX Դարի Կէսերը, Երեւան, 1981, 1։256։ 
     1) Հայաստանի եւ Սուրիոյ միջեւ տնտեսական ու մշակութային յարաբերութիւնները շարունա-կուած են, նոյնիսկ երբ Մեծ Տիգրան քաշուած է սուրիական շրջաններէն։ 
     – Թոփուզեան, (Յովհաննէս) Խ., Սիրիայի Եւ Լիբանանի Հայկական Գաղթօճախների Պատմութիւն (1841-1946), Երեւան, 1986, էջ 8։
7- Սիւրմէեան, Արտաւազդ Արք., Պատմութիւն Հալէպի Հայոց (1355-1909),  3։24-26։
8- Նոյնը, 3։ 27-28։ Սիւրմէեան, Արտաւազդ Արք., Ցուցակ Հայերէն Ձեռագրաց Հալէպի Ս. Քառասուն Մանկունք Եկեղեցւոյ Եւ Մասնաւորաց, Սրբոց Յակոբեանց Տպարան, Երուսաղէմ, 1935, 1։94-95։
9- Գանձատունը փակուեցաւ սուրիական պատերազմին պատճառով, առ այսօր փակ է մինչ նորոգութիւն։
10- Արձանագրին փակագիրը անձամբ մենք կարդացած ենք։    
11- Սիւրմէեան, Արտաւազդ Արք., Պատմութիւն Հալէպի Հայոց (1355-1909), 3։31-32։    
12- Նոյնը, 3։ 32-33, 37։
13- Այս շրջագիծէն ներս, Յիսուսեանները առաջինը հանդիսացած են որ, 1625 թուականին կապեր հաստատած են Հալէպի հետ, դրսեւորելով աշխոյժ գործունէութիւն, դիմագրաւուած շարք մը դժուարութիւններով հանդերձ։                     
14- 
15- Տե՛ս, Ազէզեան, Հուրի, Արաբական  Զարթօնքը Եւ Հայ Գործիչները, Հալէպ-Սուրիա, 2008։
  
16- Սիմէոն Դպրի Լեհացւոյ, Ուղեգրութիւն, ուսումնասիրեց եւ հրատարակեց՝ Հ. Ներսէս Վ. Ակինեան, Մխիթարեան Տպարան, Վիեննա, 1936, էջ 318։  
17- Սիւրմէեան, Արտաւազդ Արք., Պատմութիւն Հալէպի Հայոց (1355-1909), 3։271։  Նաեւ, տե՛ս,
  – Առաքելեան, Համբարձում, Պարսկաստանի Հայերը – Նրանց Անցեալը, Ներկան եւ Ապագան, Մասն Ա., Մխիթարեան Տպարան, Վիեննա, 1911։
18- Սիւրմէեան, Արտաւազդ Արք., Պատմութիւն Հալէպի Հայոց (1355-1909), 3։ 272-273, 288։ 
19- Պետրոս եւ Սանոս Չէլէպի եղբայրներուն մասին, տե՛ս,
   – Սիւրմէեան, Արտաւազդ Արք., Պատմութիւն Հալէպի Հայոց (1355-1909), 3։ 569-382։ Կարապետեան, Պերճ Մ., Մահտեսի Մեծագործ Տոհմ Մը Պետիկ Եւ Սանոս Չէլէպիներ Հալէպի Եւ Կարինի Մէջ, «Գեղարդ» Սուրիահայ Տարեգիրք, Հալէպ,  Գ. Գիրք, 1985, էջ 188-232։ 
20- Conybeare, frederick Carnwallis, A Catalogue of the Armenian Manuscripts in the British Museum, 1934, London, p. 46.
 21-Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ մասին, նաեւ տե՛ս,
  – Ազէզեան, Հուրի, 1) «Բերիոյ Թեմի Շինարարական Իրագործումները Հալէպի Մէջ Վերջին Տասնամեակին», «Օշական» Պարբերաթերթ (Պաշտօնաթերթ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանի), ԺԲ. Տարի, թիւ 3-4 (37-38), Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր, 1989, էջ 36-40,  2) «Բերիոյ Թեմը Եւ  Իր Եկեղեցիները», «Հասկ» Հայագիտական Տարեգիրք,  Նոր Շրջան, Թ. Տարի, Անթիլիաս, 1997-2001, էջ 399-402, 3) «Հալէպի Սուրբ Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցին», «Գանձասար» Պաշտօնաթերթ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանի, Բացառիկ 2001, էջ 70-79, 4) «Սուրիոյ Հայց. Առաք. Եկեղեցիները», «Գանձասար» Պաշտօնաթերթ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանի, Բացառիկ 2004, էջ 46-49։
Աղբիւր- «Գանձասար Բացառիկ-2020»