Սումկայիթի հայոց ջարդերու տարելիցին առիթով ՀՀ ԱԳ Նախարարութիւնը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ մը, որուն մէջ յիշուած է. «Այսօր մենք կ՚ոգեկոչենք Սումկայիթի հայոց ջարդի զոհերուն յիշատակը: 1988-ին, Փետրուարի վերջին օրերուն, Սումկայիթի հայ բնակչութիւնը ենթարկուեցաւ անասելի դաժանութեամբ ուղեկցուած զանգուածային սպանութիւններու եւ վայրագութիւններու:
Սումկայիթի եղեռնը եղաւ ղարաբաղեան հակամարտութեան սկիզբը, երբ Ատրպէյճան ԼՂ ժողովուրդի ինքնորոշման խաղաղ պահանջքին պատասխանեց հայերուն հանդէպ զանգուածային բռնութեամբ եւ ջարդերով: Ան փաստօրէն ձեւաւորեց նաեւ ղարաբաղեան հիմնահարցին էութիւնը․ Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովում՝ ինքնորոշման իրաւունքի իրականացումով:
Սումկայիթի ոճիրը համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն ետք, եւրոպական մայր ցամաքին մէջ ժողովուրդի մը սեփական հողին վրայ կատարուած առաջին զանգուածային ոճրիրն էր, որուն յաջորդեցին Ատրպէյճանի կողմէ ծրագրուած եւ մեծ մասշտապներով իրականացած նոր ոճիրներ` Պաքուի, Կիրովապատի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բռնագրաւուած տարածքներու` Շահումեանի շրջանին, Մարտակերտի եւ Մարտունիի առանձին հատուածներուն մէջ:
Սումկայիթի եղեռնին վերաբերեալ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն գնահատականը լաւագոյնս կ՚արտայայտուի ԼՂ հակամարտութիւնը կարգաւորելու Ատրպէյճանի իշխանութիւններու պատրաստակամութեան բացակայութեան: Երեք տասնամեակներու ընթացքին փոխուած են շեշտադրումները` ջարդարարներու հերոսացումէն մինչեւ զոհերու մեղադրումը ջարդեր կազմակերպելու յանցանքով: Անփոփոխ մնացած են ատրպէյճանական կողմին իրականացուցած մարդու իրաւունքներու զանգուածային եւ ծանրագոյն խախտումներու համար որեւէ պատասխանատուութիւն ստանձնելու ցանկութեան բացակայութիւնը եւ հայերու հանդէպ ցեղասպանական քաղաքականութեան մտադրութիւնը:
Այսօր, մենք կ՚ոգեկոչենք Սումկայիթի ջարդերու զոհերուն յիշատակը` հայ ժողովուրդի հանդէպ նման ոճիրներ կանխելու յանձնառութեամբ»: