ՀՅԴ ԳՄ անդամ Արծուիկ Մինասեան Tert.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Սահմանադրական փոփոխութիւններու հարցով հանրաքուէի նշանակումը ոչ միայն արկածախնդութիւն է, այլեւ պետական յանցագործութիւն, իշխանութեան իւրացում:

Ան դիտել տուաւ, որ ոչ միայն իրենք, այլեւ բազմաթիւ քաղաքական ուժեր, իրաւաբաններ հանրաքուէի նշանակման գործընթացը կը համարեն սահմանադրական կարգի կոպտագոյն խախտումներով իրականանալը:
«Որպէսզի հասարակութեան մէջ շփոթ չյառաջանայ, որ մենք ընդհանրապէս դէմ ենք հանրաքուէի գաղափարին, ըսեմ, այդպէս չէ. մենք այն ուժը եղած ենք, որ ոչ միայն կարեւոր կը համարէ անմիջական ժողովրդավարութիւնը, հանրաքուէն, այլեւ իր պահանջներուն մէջ ներկայացուցած է … Բայց մենք դէմ ենք, որ այս հանրաքուէի առաջարկը ամբողջովին ձեռնավարական յայտարարութիւններով կ’իրականացնէ` խախտելով սահմանադրական ընթացակարգը», մանրամասնեց Արծուիկ Մինասեան:
Անոր անոր խօսքին համաձայն, ժողովրդավարական պետութեան դէմ գործողութիւն Ազգային ժողովէն ներս քաղաքական Սահմանադրութենէն դուրս լիազօրութեան մեծամասնութիւնը վերապահած է, ինչպէս նաեւ իրեն վերապահած է սահմանադրական դատարանի լիազօրութիւն, ինչպէս նաեւ անտեսելով սահմանադրական կարգաւորումները` Ազգային Ժողովը նաեւ պարտադրեց նախագահ նշանակել:
Արծուիկ Մինասեան նաեւ մտահոգութիւն յայտնեց խորհրդարանական ընդդիմութեան վարքագիծին համար: Ըստ անոր, նման գործողութիւններով խորհրդարանական ընդդիմութիւնը ձեռնտու է իշխանութիւններուն:
Արծուիկ Մինասեան յոյս ունի, որ հետագային, եթէ հանրաքուէի արդիւնքները բողոքարկելու հարց յառաջանայ, խորհրդարանական ընդդիմութիւնը քայլեր պիտի ձեռնարկէ:
«Եթէ խորհրդարանական երկու ընդդիմադիր խմբակցութիւնները իրենք զիրենք պահեն, ինչպէս պահեցին հանրաքուէի նշանակման ընթացքին, ի յայտ կու գայ, որ այսօրուան խորհրդարանէն ներս հասարակութեան ներկայացուցչական մարմին չունինք»,ըսաւ ան:
Մանրամասնութիւնները` տեսանիւթով: