Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն պատասխանատու աղբիւր մը յայտնեց, որ «Վերջին շրջանին, Թուրքիոյ եւ արեւմուտքի կիրարկած ապատեղեկատուական արշաւը Սուրիոյ դէմ փաստեց, որ անոնք, Թուրքիոյ գլխաւորութեամբ, տարիներէ ի վեր որքան զօրավիգ կը կանգնէին ու կը շարունակեն կանգնիլ ահաբեկչութեան, զայն համարելով իրենց դաւադիր ծրագիրներուն երաշխիքը՝ Սուրիոյ ինքնիշխանութիւնն ու կայունութիւնը քայքայելու եւ Սուրիոյ ժողովուրդին կայուն ապագայի ձգտումները խափանելու համար։
Աղբիւրը յայտնեց, որ Թուրքիան Սարաքէպի առանցքին սուրիական բանակի զոհերուն թիւը ուռճացնելով փաստեց ահաբեկիչներուն հետ իր գործակցութիւնն ու ցոյց տուաւ անոնց պարտուողական տրամադրութիւնը բարձրացնելու իր ապարդիւն ճիգերը, ինչպէս նաեւ Սոչիի համաձայնութիւնները չյարգելու իր կրկնուող օրինազանցութիւնը»։
Աղբիւրը աւելցնելով ըսաւ, որ
սուրիական բանակի յաղթանակները, Հալէպ- Դամասկոս միջազգային ճամբուն եւ օդակայանին բացումը, Հալէպի, Համայի եւ Իտլիպի նահանգներու աւելի քան 30 գիւղերուն ազատագրումը եւ այլն, խուճապի մատնած է Թուրքիան ու արեւմուտքը, զիրենք մղելով ահաբեկչութեան բացայայտ զօրակցութեան, շրջանցելով միջազգային օրէնքներն ու մարդկային իրաւունքները։

Աղբիւրը եզրափակելով յայտնեց, որ սուրիական բանակը վճռած է պայքարիլ օտար ուժերուն եւ ահաբեկչութեան դէմ, թոյլ չտալով որ անոնք Սուրիոյ ժողովուրդը ենթակայ դառնայ նման դաւադրութիւններու։