Արցախը Հայաստանի Հանրապետութեան կապող եւ Արցախի ռազմավարական դարպաս հանդիսացող երկու կարեւոր օղակներու` հարաւ-արեւմտեան թեւի` Քաշաթաղի շրջանի, հիւսիսային եւ հիւսիսարեւմտեան թեւի` Շահումեանի շրջանի, վերաբնակեցման եւ զարգացման նպատակով արդէն երկար տարիներ աշխարհի տարբեր երկիրներէն գործարարներու ներգրաւման միջոցով ազգանուէր ծրագիրներ կեանքի կը կոչէ ԱՌԻ` «Արցախ Ռութս Ինվեսթմընթ» (Artsakh Roots Investment) ներդրումային ընկերութիւնը` զարկ տալով այս շրջաններու բնակարանաշինութեան, գիւղատնետսութեան եւ անասնաբուծութեան զարգացման, ծնունդներու խթանման: ԱՌԻ` «Արցախ Ռութս Ինվեսթմընթ» ներդրումային ընկերութեան բաժնետէրերը պարբերաբար կ’այցելեն Արցախ` տեղւոյն վրայ ծանօթանալով կատարուած աշխատանքներուն, նախորդ տարիներու գործունէութեան արդիւնքներուն: Սփիւռքահայ գործարարները յաճախակի հանդիպումներ կ’ունենան Արցախի պետական այրերուն, երկրի նախագահին հետ, կը քննարկեն ծրագիրներն ու հեռանկարները: Ընկերութիւնը սկիզբէն ի վեր ստեղծուած է քանի մը լիբանանահայ գործարարներու մասնակցութեամբ, բայց այսօր ներդրողներուն թիւը հասած է շուրջ 200 անհատ գործարարի, որոնք կը ներկայացնեն Սուրիա, ԱՄԷ, Քուէյթ, Շուէտ, Ֆրանսան, Մեծն Բրիտանիա, Ռուսաստան, ԱՄՆ եւ Աւստրալիան: Նախաձեռնութեան վերջին միացողները 20 նոր ներդրողներ են Մելպըրնէն եւ Սիտնիէն, որոնք ստանձնած են Քարվաճառի բարձրադիր, գեղատեսիլ տարածքի մը մէջ նոր` Սիտնէյ կոչուող թաղամասի կառուցման յանձնառութիւնը:
Վերջերս Քարվաճառ այցելած էր, ԱՌԻ հիմնադրամի տնօրէններու խորհուրդի անդամ, ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեանը` ԱՀ Քաշաթաղի շրջանի վարչակազմի ղեկավար Գագիկ Մարտիրոսեանի ուղեկցութեամբ ծանօթանալու հիմնադրամի ներդրումներով իրականացուող Սիտնէյ բնակելի թաղամասի շինարարական աշխատանքներուն ընթացքին: «2008 թ. Արցախի մէջ կայացած խորհրդաժողովին ընթացքին տարբեր երկրներէ բազմաթիւ կազմակերպութիւններ ներկայացուցին Արցախի վերաբնակեցման եւ զարգացման ծրագիրները` գինիի, կաթնամթերքի մշակման գործարաններ հիմնելու, գիւղատնտեսութիւնը զարգացնելու գծով: Լիբանան ստեղծուած «Արցախ Ֆոնտ»ը եւս կը մասնակցէր խորհրդաժողովին, մենք համոզուեցանք, որ Արցախի վերակառուցման, տնտեսութեան զարգացման նպաստելու համար անհրաժեշտ է փոխշահաւէտ ներդրումներ ապահովել: Գործարարներու փոքր խումբ մը հաւաքուեցաւ եւ որոշեցինք ներդրումներ ընել այնպիսի շրջաններու մէջ, ուր նպաստէինք կայուն զարգացման, աշխատատեղերու ստեղծման եւ եկամտաբեր ձեռնարկներու իրականացման: Արցախի իշխանութեան հետ հանդիպեցանք, քննարկեցինք, որոշուեցաւ Արցախի գիւղի եւ գիւղատնտեսութեան զարգացման հիմնադրամներուն մէջ գումարներ ներդնել, գիւղատնտեսութեան զարգացումը խթանելու նկատառումով, երկարաժամկէտ, ցած տոկոսադրոյքով, առանց գրաւի վարկեր տրամադրելու գիւղացիներուն: Ներդրումը ըրինք, մէկ տարուան ընթացքին արդիւնքը տեսանելի էր, 250-300 ընտանիք կրցաւ վարկ վերցնել», Yerkir.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Բենիամին Պչաքճեան եւ համառօտ կերպով ներկայացուց իրականացուող ծրագիրները` կոչ ուղղելով ողջ աշխարհի հայ գործարարներուն միանալու իրենց եւ ազգանուէր ու փոխշահաւէտ այս ծրագիրներու իրականացման համար ներդրումներ կատարելու:
Ըստ պարոն Պչաքճեանի` ընկերութիւնը տասը տարուան ընթացքին Նոր Շահումեանի եւ Քաշաթաղի շրջաններուն ընդհանուր առմամբ շուրջ 7 միլիոն տոլարի ներդրում ըրած է գիւղատնտեսութեան եւ բնակարանաշինութեան ոլորտներուն մէջ։ «Հազարաւոր հեքթարներ ցորեն եւ գարի կը ցանուին, իսկ անասուններուն գլխաքանակը կրկնապատկուած է: Քաշաթաղի մէջ բնակչութեան 24 տոկոս աճ արձանագրուած է, եթէ համեմատենք Արցախի այլ շրջաններուն հետ, այս մեծ առաջընթաց է: Եթէ հաշուի առնենք որքան միս եւ ցորեն կը պահանջէ Հայաստանը կերակրելը, ապա պէտք է նշել, որ այդ շրջաններուն բնակլիմայական նպաստաւոր պայմանները ճիշդ օգտագործելու պարագային, անոնք ողջ երկիր մը կը կերակրեն», յայտնեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը:
«Նոր կեանքի կոչուող ծրագիրը ուղղուած է վերաբնակեցուող բնակավայրերուն մէջ մշտական բնակութիւն հաստատած ընտանիքներու կենսապահովման խնդիրները լուծելուն եւ ծնունդներու աճը խրախուսելուն: Ընտանիքի ծնած երրորդ եւ յաջորդ երեխաներուն պարագային մէկական կով կը տրամադրուի ընտանիքին: Ամէն տարի Արցախի կառավարութենէն կը ստանանք նորածին երեխաներու անուանացանկը, տեղեկատուութիւն, որ տուեալ ընտանիքի երրորդ երեխան է: Մեր մասնագէտները կը շրջին գիւղ առ գիւղ, համայնք առ համայնք, կը ստուգեն, թէ տուեալ նորածինը իսկապէս այդտեղ կը բնակի եւ կը նուիրեն կթան կովը: Արդէն 1550 կթան կով բաժնած ենք, պայամանագիր կը ստորագուի կովը վաճառողին, կովը ստացողին եւ մեր ներկայացուցիչին միջեւ, որ երեք տարի այդ կովը պէտք է չմորթէ, չծախէ եւ պէտք է լաւ խնամէ զայն: Ազատագրուած Շահումեանի, Քաշաթաղի շրջաններուն մէջ անասուններուն գլխաքանակը զգալիօրէն բարձրացուցած ենք: Այս ծրագիրի առանցքային նպատակն է խրախուսել բազմազաւակութիւնը, նպաստաւոր պայմաններ ստեղծել մարդոց կենսամակարդակի բարձրացման համար», աւելցուց Բենիամին Պչաքճեան:
«Գոյք Արցախի դպրոցներուն համար» ծրագիրի ծիրէն ներս լիբանանահայ աշակերտները խորհըրդանշական գումարներ կը հաւաքեն եւ ամէն անգամ Արցախի որեւէ համայնքի դպրոցին համար սարքաւորումներ, համակարգիչներ կ’ուղարկեն կամ գրասեղաններ կ’ապահովեն:
Պարոն Պչաքճեանէն խնդրեցինք այս մասին եւս ներկայացնել. «Մենք ունինք ռազմադաստիարակչական ուղղուածութեան ծրագիրներ եւս, ճամբարներ կը կազմակերպենք։ Լիբանանէն աւարտական դասարանի աշակերտները կու գան, 15-20 օր կ’անցընեն զօրամասին մէջ, կ’ապրին զինուորին կեանքով, նոյն ճաշը կ’ուտեն, մարմնամարզութեան կը հետեւին` յարաբերութիւն մշակելով իրենց տարեկից երիտասարդներուն հետ: Իսկ Կովսաեան համայնքներուն մէջ կիներուն համար հետաքրքրական համագործակցութիւն կ’իրականացնենք: Նկատի առնելով այն փաստը, որ ձմրան ամիսներուն տեղի կիները զբաղմունք չունին, որոշեցինք անհըրաժեշտ նիւթեր տրամադրել, որպէսզի անոնք սովորին ձեռագործներ: Անոնց ձեռագործ աշխատանքները կը ծախուին Լիբանանի մէջ` վաճառքի գումարը ուղարկելով այդ կիներուն` լիբանանցի եւ արցախցի կիներուն միջեւ ձեւաւորելով բարի-դրացիական յարաբերութիւններ», բացատրեց ՀՅԴ Բ.ի անդամը: Հարցին, թէ արդեօք Լիբանանէն կամ Սուրիայէն ընտանիքներ ցանկութիւն կը յայտնե՞ն Արցախ հաստատուելու, մեր զրուցակիցը պատասխանեց, որ դժբախտաբար` կենցաղի պայմաններու հսկայական տարբերութեան պատճառով ընդամէնը քանի մը ընտանիք Լիբանանէն ու Սուրիայէն եկած է Արցախ: Իրենք կ’օժանդակեն այսպիսի ընտանիքներուն, տուն կը տրամադրեն եւ վեց ամսուան համար ապրուստի գումար: ԱՌԻ` «Արցախ Ռութս Ինուեսթմընթ» (Artsakh Roots Investment) ներդրումային ընկերութեան գործարարներու խումբը յաճախ կ’այցելէ Աղաւնոյ գետի ափին կառուցուած Արիաւան գիւղը, որովհետեւ գիւղի կառուցապատումը ԱՌԻի ամենամեծ ներդրումային ծրագիրներէն մէկն է: «Արցախի մէջ մենք ձեռնամուխ եղանք բնակարանաշինութեան գործընթացին, որոշեցինք ընտրել ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող համայնք մը, որ օրինակելի աւան կը հանդիսանայ: Մեզի տրամադրուեցաւ տարածք եւ Արիաւանի մէջ արդէն կառուցուած է 50 տուն՝ տնամերձ հողամասերով: Արիաւանի բնակելի տուները տրամադրուած են բազմազաւակ ընտանիքներուն, բանակին մէջ աւելի քան քսան տարի ծառայած սպաներուն եւ այն բնակիչներուն, որոնք այդտեղ կ’ապրէին անմարդկային պայմաններու մէջ», գոհունակութեամբ յայտնեց պարոն Պչաքճեանը:
Ըստ Մեր զրուցակիցին` Քարվաճառի մէջ կառուցուող 15 բնակելի տուները պատրաստ պիտի ըլլան Մայիսին` ընկերային բոլոր յարմարութիւններով եւ ջերմամեկուսացմամբ: Վարչակազմի ղեկավարին հետ քննարկման արդիւնքով եկած են այն եզրակացութեան, որ նորակառոյց այս թաղամասին մէջ հարկաւոր է վերաբնակեցնել մասնագէտներ, գիւղատնտեսներ եւ ուսուցիչներ: Բենիամին Պչաքճեանի հաւաստիացմամբ` այս տուները ոչ մէկ ձեւով կը ծառայեն իբր ամառանոցներ, այնտեղ պէտք է ապրին բազմազաւակ ընտանիքներ:
Հարցին, թէ Քարվաճառը վերադարձնելու մասին ժամանակի մամուլով շրջանառուող խօսակցութիւնները ձեզ չէի՞ն մտահոգեր, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը պատասխանեց. «Երբ առաջին անգամ այցելեցի Քարվաճառ` տպաւորուած էի եւ վստահ, որ սա հարուստ քաղաք մը եղած է ` հաշուի առնելով փլատակ տուներու ցանկապատներուն հաստութիւնը, տուներուն յարակից տարածքները, քաղաքի կեդրոնական փողոցը: Ամէն ինչ շատ տպաւորիչ էր, կը յիշեցնէր քաղաքին իւրայատկութիւնը: Եթէ ներդրումներ կատարուին, զարգացնենք այս շրջանը, անհնար կ’ըլլայ վերադարձը: Մենք պէտք է զարգացնենք եւ ամէն ճիգ թափենք, որ այդ տարածքները պահպանենք»: Բենիամին Պչաքճեանը սփիւռքահայ գործարարներուն պարբերաբար կը պատմէ իրենց ծրագիրներուն եւ փորձառութեան մասին, լուսանկարներով կը ներկայացնէ կատարուած աշխատանքները, կը քաջալերէ ներդրումները Արցախի մէջ: «Կոչ կ’ուղղեմ աշխարհի տարբեր երկիրներու հայ գործարարներուն, որոնք կը փափաքին ազգանուէր ծառայութիւն մը մատուցել իրենց հայրենիքին, միանան մեզի` Արցախի վերաբնակեցման, վերաշինութեան համար փոխշահաւէտ ներդրումներ կատարելով», զրոյցը եզրափակեց Բենիամին Պչաքճեան: ԱՌԻ «Արցախ Ռութս Ինուեսթմընթ» (Artsakh Roots Investment) հիմնադրամի գործունէութեան բոլորը կրնան ծանօթանալ ընկերութեան պաշտօնական էջին միջոցով:
Վարդինէ Իսահակեան