Սուրիոյ վարչապետ Իմատ Խամիս «Ընկերային Ծառայութեան, Ազգային Սնտուկի Զարգացման Ծրագիր» խորագիրը կրող ժողովի շրջագիծէն ներս լրագրողներու հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ սուրիական կառավարութիւնը կարելի չէ նկատել օրինակելի, ոչ ալ վերջին տարիներու ամէնէն յաջող կառավարութիւնը: Ան աւելցուց. «Մենք որպէս կառավարութիւն ջանք չխնայեցինք յաջող կազմ ըլլալու: Յաճախ նոր ծրագիրներ կը մշակէինք, նոր քայլեր կ’որդեգրէինք տնտեսական տագնապը դիմագրաւելու: Կառավարութեան մեծագոյն իրագործումը եղաւ պատերազմի ընթացքին ապահովել ժողովուրդին հիմնական կարիքները, հակառակ սահմանափակ, գրեթէ գոյութիւն չունեցող նիւթական մեր կարողութիւններուն»:
«Ուաթան» թերթի թղթակիցին համաձայն Խամիս երբեք չուրացաւ արձանագրուող սղաճը, յայտնելով, որ ընդհանուր սակագիներու կայուն պահպանումը դժուար է ներկայիս, սակայն քաղաքացիին հիմնական պէտքերուն սակագիները կայուն են, այնպէս ինչպէս պատերազմէն առաջ էին:
Խամիս շեշտեց, որ այս մտահոգութիւնները կառավարութեան ժողովներուն կ’արծարծուին առաջնահերթութեան կարգով, որովհետեւ կառավարութիւնը կը զգայ ժողովուրդին տառապանքը: Ան եզրափակելով ըսաւ. «Չկայ կառավարութիւն մը, որ դիտումնաւոր կերպով ի վնաս իր քաղաքացիներուն սխալ որոշումներ կը գոյացնէ»: