Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ.Մասիս Ս.Եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ «Քրիստափոր» գրադարանի վարչութեան, Կիրակի, 1 Մարտ 2020-ին ԱՄԺՏ «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս, հանդիսութեամբ եւ ցուցահանդէս վաճառքով յիշատակուեցաւ «Քրիստափոր» գրադարանի 100-ամեակը: Ձեռնարկին ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեան, Հայ Կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցիչ Արժ. Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Տատաղլեան, Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգիսեան, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան, Պատկան Մարմինի, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հոծ բազմութիւն մը: Ներկաները դիմաւորուեցան Համազգայինի «Բ.Կանաչեան» երաժշտանոցի ուսուցչական կազմէն Ռուզան Պարսումեանի (դաշնամուր) եւ Նայիրի Նագաշեան-Մինասեանի (ֆլիւթ) հաճելի նուագով: Անոնք հայկական մեղեդիներով ջերմ մթնոլորտ մը ստեղծեցին սրահին մէջ:
Ցուցահանդէսին բացումով ներկաները այցելեցին անոր զանազան բաժինները, բացատրութիւն լսելով վարչութեան ատենապետէն:  Ցուցահանդէսը հարուստ էր զանազան գրողներու ու տարբեր թուականներու լոյս տեսած ընտիր ու հետաքրըքրական գիրքերով, որոնցմէ բաժին մը արդէն իսկ գիրքին հեղինակին կողմէ մակագրուած ու նուիրուած էր գրադարանին: Ներկաները հետաքրքրութեամբ նաւարկեցին գիրքերու ծով աշխարհին մէջ: Ապա հանդիսավարը հրաւիրեց համայնքապետները, հիւպատոսն ու Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչը բացումը կատարելու «Քրիստափոր» գրադարանին 100-ամեակին առիթով Քրիստափոր Միքայէլեանի նոր պատրաստուած կիսանդրիին, որուն հեղինակն էր քանդակագործ Վարդգէս Պարսումեան: Վստահ ենք, որ կիսանդրին այցելուներուն մշտապէս պիտի յուշէ հայ մտաւորականութեան, գիր ու գրականութեան դերն ու տեղը ազգային կեանքի զարթօնքին մէջ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Գրադարանի վարչութեան անդամ Սարին Խալոյեան, որ հակիրճ բացատրութիւն մը տալով «Քրիստափոր» գրադարանի 1919-2019՝ 100 տարիներու վրայ երկարող աշխատանքին ու առաքելութեան մասին, աւելցուց, որ գրադարանը զանազան կեդրոններու մէջ գործած է, նախ Ճտէյտիէի ապա Թիլէլի ակումբներուն, իսկ ներկայիս ԱՄԺ Տան «Լ.Շանթ» սրահին կից: Անոր աշխատանքը շարունակուած է տարիներու ընաթցքին, շնորհիւ անոր շուրջ համախմբուած երիտասարդներուն: Գրադարանի վարչութիւնը համայնքի զաւակներուն մէջ գիրքի հանդէպ հետաքրքրութիւն ստեղծելու համար աշակերտներու յատուկ ծրագիրներ իրագործած է վերջին տարիներուն, ինչպէս՝ «Պատմենք Միասին» եւ ընթերցանութեան եւ ուղղագրութեան մրցումներ:
Ներկաները այնուհետեւ դիտեցին Գրադարանի 100-ամեայ գործունէութեան մասին պատմող կարճ տեսագրութիւն մը:
Շաւարշ Նարդունիի «Կարօտ Հայ Լեզուի» քերթուածը ասմունքելով Ռիթա Կաղեան-Տիքպիքեան հմայիչ առոգանութեամբ մեր մայրենիին գովքը հիւսեց:
Ապա խօսք առաւ վարչութեան ատենապետ Յակոբ Ալապոզանեան: Ան յայտնեց որ «Քրիստափոր» գրադարանը Հալէպ հասած է տարագրութեան օրերուն, Այնթապէն, ապա մէջբերեց «Պատմութիւն Այնթապի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան» գիրքէն «Քրիստափոր» գրադարանին առնչուող հետեւեալ տողերը. «Անհատներու քով մնացած 17 հատոր գիրքերով հիմնադրեցինք «Քրիստափոր» գրադարանը»: Ալապոզանեան լուսարձակի տակ առաւ գրադարանի վերջին տարիներու ծառայութիւնը ու ըսաւ. «Վերջին տարիներու Սուրիոյ ծանօթ պատերազմական պայմաններուն բերումով, հայ գիրքը քաղաքին մէջ անտէր պիտի մնար։ Վարչութիւնը շատ մը գիրքեր կորուստէ փրկելու համար Հալէպէն մեկնողներուն անհատական գրադարաններուն տիրութիւն ըրաւ, ինչպէս նաեւ քաղաքիս փլատակներուն տակ փճանալու մատնուած հայ գիրքերը փրկելու պատասխանատու գործը յանձն առաւ»:
Յայտագիրին ամենատպաւորիչ բաժինը ընթերցասէր աշակերտներու տեսագրուած խօսքերն էին։ Աշակերտներ, որոնք մասնակցած էին գրադարանի վարչութեան ձեռնարկներուն, կը հաստատէին, որ շատ բան սորված են առնչուելով գիրքի լոյսին ու իմաստին հետ: Փաստօրէն դպրոցական մրցոյթները իրենց նպատակին ծառայելով յաջողած էին ներգրաւել որոշակի թիւով աշակերտներ։ Անոնցմէ մէկը կը յայտնէր. «Ընթերցանութեան մրցումին ընթերցուած բաժինը անգամ մը եւս կարդալու նպատակով այցելեցի գրադարան։ Գիրքերու ծով աշխարհ մտայ ու սկսայ հերթաբար այցելել ու գիրքեր առնել»: Ուրիշ մը պատմեց իր փորձառութիւնը «Պատմենք Միասին» ծրագիրին մէջ, շնորհակալութիւն յայտնեց վարչականներուն օգտաշատ պատմումներուն համար ու յաջողութիւն մաղթեց բոլորին։
Օրուան բանախօսն էր հրապարակագիր Աւօ Գաթրճեան։ Ան նախ անդրադարձաւ գիրքին անփոխարինելի դերին մարդ անհատի կազմաւորման գործընթացին մէջ, ապա յայտնեց, որ «Քրիստափոր անուանումը երբեք պատահական չէ եւ իր մէջ կ’ամփոփէ խորիմաստ գաղափարներ։ Գրադարանին անունը տրուած է ի յիշատակ հայ հասարակական, քաղաքական գործիչ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադիր Քրիստափոր Միքայէլեանի»։
Գաթրճեան համառօտ կերպով անդրադարձաւ հայութեան կեանքին մէջ, ի Հայաստան եւ ի Սփիւռս աշխարհի, գրադարաններու հիմնադրութեան եւ կարեւորութեան, գիրք նուիրելու օրուան խորհուրդին, ապա լուսարձակի տակ առաւ «Քրիստափոր» գրադարանի 100-ամեայ բեղուն գործունէութիւնը։
Աւարտին Գաթրճեան անդրադարձաւ գրադարանի ու գրադարանավարի դերին, շեշտադրեց գրադարանը նոր գիրքերով հարստացնելու, գիրքերը վերանորոգելով պահպանելու եւ վերադասաւորելու, գրադարանին կայքը աւելի մեծ շրջանակներու հասանելի դարձնելու, անոր պատմութիւնը գրի առնելու հրամայականը, դիտել տալով, որ որքան ալ արհեստագիտութիւնը զարգանայ եւ թուայնացած գիրքերը տարածում գտնեն, տպագիր գիրքը կը մնայ անփոխարինելի: (Գաթրճեանի խօսքը կը հրատարակենք ամբողջութեամբ, «Գանձասար»ի յաջորդական երկու թիւերով):
Այս առիթով վարչութիւնը գրադարանի 100-ամեակը խորհրդանշող յուշանուէրներ յանձնեց համայնքապետներուն, ՀՀ հիւպատոսին, Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչին, օրուան բանախօսին ու քանդակագործ Վարդգէս Պարսումեանին։
Օրուան եզրափակիչ պատգամը ուղղեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը: Սրբազան հայրը այս երեկոն առիթ սեպեց յարգելու մեր մէջ գիրքի հանդէպ սէր սերմանողներուն յիշատակը: Ան ըսաւ. ««Քրիստափոր» անունը կրելով, այս գրադարանը, իր աւանդական պարտականութեան կողքին մշտական մարտահրաւէր մը կ’ուղղէ սերունդներուն՝ ապրումով, հաւատարմութեամբ եւ իմաստութեամբ շարունակելու հայ գիրքը պաշտպանելու նուիրական առաքելութիւնը»:
Գերշ. Տէր Մասիս Եպս. դիտել տուաւ, որ գրադարանը այն միջավայրն է, ուր կը հաղուրդուինք մեր պատմութեան, արժէքներուն եւ պայքարին հետ: «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն Քրիստափոր Միքայէլեան հայրենիքի ազատութիւնը փնտռած է: Ուստի «Քրիստափոր» գրադարանին ճամբով մեր նոր սերունդի երիտասարդներուն դիմաց ազատութեան միջավայր մը կը բացուի, հայ լեզուի նկատմամբ սէրը կը խորանայ եւ մեր իրաւունքները պաշտպանելու խորունկ համոզումը արմատ կը նետէ»:
Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ «Պահպանիչ» աղօթքով:
Սեւանայ Հալլաճեան