8 Մարտի Սուրիոյ Յեղափոխութեան 57-ամեակին եւ Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման ու դատապարտման զոյգ առիթներով, ՀՄԸՄ-ի Դամասկոսի Մասնաճիւղի Վարչութիւնը կազմակերպած էր երախտագիտութեան շքեղ երթ մը, Կիրակի, 8 Մարտ 2020-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին։

ՀՄԸՄ-ի Դամասկոսի Մասնաճիւղի արի-արենոյշները շնորհակալութեան խօսքեր պարունակող պաստառ մը բարձրացուցած էին, որուն վրայ տեղադրուած էր Սուրիոյ նախագահ Պաշար ալ Ասատին պատկերը։ Անոնք Սուրիական Հայրենիքին դրօշը հպարտօրէն ծածանել տալով տողանցեցին մինչեւ խորհրդարանի շէնքին դիմաց։ Այնտեղ ներկայ էին
Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Համուտա Սապպաղը եւ երեսփոխաններ, որոնց կարգին երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան։
Հինգերորդ վաշտի շեփորախումբը նուագեց Սուրիոյ քայլերգը եւ փունջ մը ազգային –հայրենասիրական երաժշտական ստեղծագործութիւններ:
Երախտագիտութեան հաւաքին ներկայ էին Դամասկոսի սկաուտական շարժումի կեդրոնական վարչութեան անդամներ, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ դամասկահայերու հոծ բազմութիւն մը:

Շեփորախումբի ելոյթէն ետք, հինգերորդ վաշտի խմբապետ Միհրան Ղազարեան յանուն ՀՄԸՄ-ի Դամասկոսի Մասնաճիւղին խորհրդարանի նախագահին յանձնեց սկաուտական փողկապը, ապա Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան տիար Համուտ Սապպաղ խորհրդարանի դահլիճէն ներս ընդունեց ՀՄԸՄ-ի տարազաւոր քոյրերն ու եղբայրները եւ պատասխանատուները: Ընդունելութեան ներկայ էին երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան եւ «Ահարոնեան» կեդրոնի ներկայացուցիչ Արմէն Ուրֆալեան:
Տիար Համուտա Սապպաղ ջերմօրէն ողջունեց ՀՄԸՄ-ի Դամասկոսի Մասնաճիւղի այս նախաձեռնութիւնը: Ան բարձր գնահատեց հայ ժողովուրդին հաւատարմութիւնը Սուրիական Հայրենիքին նկատմամբ:
Հինգերորդ վաշտի խմբապետ Միհրան Ղազարեան իր կարգին շնորհաւորեց Խորհրդարանի նախագահը Մարտ ութի յեղափոխութեան տօնին առիթով եւ երախտագիտութիւն յայտնեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման խորհրդարանի որոշումին համար, շնորհակալութիւն յայտնելով խորհրդարանի բոլոր անդամներուն եւ Սուրիոյ նախագահ տոքթ. Պաշար ալ Ասատին:

Իր կարգին, «Ահարոնեան» կեդրոնի ներկայացուցիչ Արմէն Ուրֆալեան իր երախտագիտութեան խօսքը ուղղեց խորհրդարանի նախագահին, ինչպէս նաեւ նախագահ տոքթ. Պաշար ալ Ասատին: