Սուրիոյ Մշակոյթի Նախարարութեան կազմակերպութեամբ 8 Մարտին, Դամասկոսի ազգային օփերայի տան մէջ տեղի ունեցած մշակութային փառատօնին ընթացքին պարգեւատրուած է Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան, սուրիական-հայաստանեան խորհրդարանական բարեկամութեան նախագահ, պատմաբան, թարգմանիչ, դոկտ. Նորա Արիսեանը։

Պարգեւները յանձնած է Սուրիոյ մշակոյթի նախարար Մուհամմէտ ալ Ահմատին:

Այս առիթով պարգեւատրուած են թարգմանիչներ, դերասաններ եւ այլ գործիչներ, որոնք իրենց ներդրումը բերած են Սուրիոյ մշակոյթի զարգացման: