«Երկիր».- 14 Ապրիլին Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանէն ներս, դատաւոր Աւագ Գաբրիէլեանի նախագահութեամբ, տեղի պիտի ունենայ ՀՅԴ-ի Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Արման Պապաճանեանի դէմ յարուցած դատի առաջին նիստը:
ՀՅԴ անդամներ Իշխան Սաղաթէլեան, Արթուր Խաչատրեան, Արծուիկ Մինասեան, Արմէնուհի Կիւրեղեան, Տարօն Տօնոյեան, Լիլիթ Գալստեան, Յակոբ Մաթիլեան, Միքայէլ Մանուկեան, Սիմոն Սիմոնեան, Աշոտ Սիմոնեան, Շաղիկ Մարուխեան կը պահանջեն, որ Ա.Պապաճանեան վիրաւորանքի համար հրապարակային ներողութիւն խնդրէ եւ փոխհատուցէ զրպարտութեան համար: Փոխհատուցման չափը գնահատած են 1 դրամ:
Նշենք, որ անցեալ տարուան 6 Դեկտեմբերին Ա. Պապաճանեան ԱԺ ելոյթին անդրադարձած էր «Հայաստանի իշխանութիւններուն դէմ պարտիզանական գործողութիւններ սկսելու մասին ՀՅԴ-ի շրջաբերական»ին, կուսակցութեան անցեալը որակած էր «ահաբեկչական», իսկ կուսակցութեան առաջնորդներու կենսագրութիւնը` «քրէական` սկսեալ ահաբեկչական գործողութիւններէն մինչեւ թմրանիւթերու շրջանառութիւն ու առեւտուր»:ՀՅԴ-ն համարած էր զրպարտանք, պատուի եւ արժանապատուութեան վնասում եւ հայցով դիմած է դատարան: