ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է.«Նկատի առնելով պսակաձեւ ժահրի վարակի տարածման ներկայ իրավիճակը` կը յորդորենք ՀՀ քաղաքացիները ժամանակաւորապէս խուսափիլ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն, Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութիւն, Քորէայի Հանրապետութիւն, Ճափոնիա եւ ԵՄ երկրներ (առաւելապէս` Իտալիա, Գերմանիա, Ֆրանսա եւ Իսպանիա) այցելութիւններէն, բացառութեամբ խիստ անհրաժեշտ պարագաներու:
Վերոնշեալ երկիրներու մէջ գտնուելու կամ այցելելու պարագային կը յորդորենք հետեւիլ ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան կամ տուեալ երկրի համապատասխան իշխանութիւններու ցուցումներուն եւ խորհուրդներուն, կապ հաստատել տեղւոյն ՀՀ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն հետ: