Երեքշաբթի, 10 Մարտ 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ սուրիական բանակը Հալէպի արեւմտեան նոր ազատագրուած Անճարա շրջանի ականազերծման ընթացքին յայտնաբերած է «Ճապհաթ ալ Նուսրա» զինեալ ահաբեկչական խմբաւորման գլխաւոր ղեկավարներէն Ապու Մուհամմէտ ալ Ճոլանիի կեդրոնը (գետնուղին), որ ահաբեկչական գործողութիւններու գլխաւոր կեդրոններէն մէկը կը համարուէր, ուր Ճոլանի նախապատրաստած է Հալէպի ապահով շրջաններուն եւ գիւղերուն վրայ ահաբեկչական յարձակումները, որոնց հետեւանքով հազարաւոր քաղաքացիներ զոհուած եւ վիրաւորուած են, քանդուած են բազմաթիւ բնակարաններ:
ՍԱՆԱ-ի թղթակիցը յայտնեց, որ Անճարայի աշխարհագրական բնոյթը պատճառ դարձած է, որ ահաբեկիչներուն փորած գետնուղին ըլլայ տոկուն եւ ամրապինդ: Ան աւելցուց, որ գետնուղին կը բաղկանայ ահաբեկչական գործողութիւններու պատրաստման յատուկ սենեակներէ, ահաբեկիչներու եւ ղեկավարներու մնայուն բնակեցման կեդրոններէ, կը գտնուին նաեւ սենեակներ, որոնց մէջ տեղադրուած են «Ճապհաթ ալ Նուսրա»ի պատկանող արդիական զէնքեր, պայթուցիկ ականներ եւ ինքնաշարժներ: