Համայնքապետ Վեր. Յարութիւն Սելիմեան, 3_8 Մարտ 2020_ին հովուական առաքելութեամբ կը գտնուէր Գերմանիա։
Ան շարք մը դասախօսական ելոյթներ ունեցաւ Գերմանիոյ հինգ նահանգներու մէջ՝ Ըշթութկարթ, Հանաու (Պատ Հօմպըրկ), Համպուրկ, Պերլին եւ Պոն:
Համայնքապետին ելոյթներուն հիմնական առանցքն էր ներկայացնել Սուրիոյ ներկայ քաղաքական իրավիճակն ու քրիստոնէութեան դիմագրաւած այժմու մարտահրաւէրները:
Վերապատուելին 4 Մարտին մասնակցեցաւ Հանաու քաղաքի ազատութեան հրապարակի մէջ կայացած յիշատակի արարողութեան, դատապարտելով մարդկութեան դէմ իրագործուած արարքը, որուն հետեւանքով երկու շաբաթ առաջ զինեալ ուժերու կողմէ 10 անհատներ սպանուեցան:
Համայնքապետը զանազան լրատուամիջոցներու հետ ունեցած հարցազրոյցներուն ընթացքին լուսարձակի տակ առաւ հետեւեալը.”Սուրիոյ Հայ Համայնքը պիտի մնայ հաւատարիմ իր քաղաքացիական պարտականութիւններուն եւ քրիստոնէական հաւատքին։ Հաւատքով, եղբայրասիրութեամբ, ազնիւ վերաբերմունքով հայ ու արաբ ժողովուրդներու գոյակացութիւնը երաշխաւորող տրամադրութիւններ պիտի ստեղծենք, որ մեր հիմնական պարտականութիւնը պիտի սեպուի։
Վերականգնումի ուղիով դարձեալ պիտի շէնցնենք մեր գաղութը”։
Արծարծուած նիւթերուն կողքին Վերապատուելին յատկապէս մատնանշեց Սուրիոյ Խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդին պահանջատիրական կեցուածքն ու հետեւողական դիրքորոշումը այս առնչութեամբ։
8 Մարտ 2020-ին, Պերլինի Մայր Տաճարէն ներս ( գերմաներէն՝ Berliner Dom) համայնքապետ վերապատուելիին Կիրակնօրեայ պաշտամունքի ընթացքին պատգամ ուղղեց եւ հաղորդութիւն մատուցեց ներկաներուն։