«Արմէնփրէս».- ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «Շանթ» հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ պսակաձեւ ժահրէն վարակուած դէպքերու թիւը հասած է 102-ի:
«Այս պահուն արդէն ունինք 102 դէպք», ըսաւ Փաշինեան:
Վարչապետի խօսքին համաձայն, վարակուածներուն 75 տոկոսը վարակուած են երկու աղբիւրէն` Էջմիածինէն եւ Շէնգաւիթի մէջ գտնուող արտադրամասէն:
ՀՀ կառավարութիւնը Հայաստանի մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարած է: Արտակարգ դրութիւնը կը գործէ Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ տարածքին 16 Մարտ 2020-ի, ժամը 18:30-էն սկսեալ մինչեւ 14 Ապրիլ 2020, ժամը 17:00-ն: