«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ առողջապահութեան նախարար Ֆահրեթթին Քոջան 18 Մարտի ուշ երեկոյեան յայտարարած է, որ երկրին մէջ մէկ մարդ եւս մահացած է պսակաձեւ ժահրէ: Նախարարը տեղեկացուցած է, որ մահացածը 61-ամեայ տղամարդ է:
Twitter-ի իր պաշտօնական էջին վրայ կատարած գրառումով նախարարը հաղորդած է նաեւ, որ օրուան ընթացքում կատարուած քննութիւններու արդիւնքով վարակուողներու թիւը աւելցած է 93-ի:
Այսպիսով, ըստ վերջին տուեալներուն, Թուրքիոյ մէջ կայ պսակաձեւ ժահրով հաստատուած 191 եւ մահուան 2 պարագայ: