Բարեկամս երէկ երեկոյ հարցուց հեռաձայնին միւս ծայրէն.
-Սա «Քորոնա վայրըս»ին մասին բան մը պիտի չգրե՞ս։
-Նախ եկո՛ւր, համաձայնինք, որ այս ախտը պիտի կոչենք իր հայավարի՛ անունով. Պսակաձեւ ժահր։ Քանի մը անգամ կրկնէ՛, մեր թերթերն ալ ծագէ ի ծագ թող որդեգրեն այս եզրը, պիտի տեսնես, որ խորթ կամ օտարոտի պիտի չըլլայ այլեւս։ Իսկ գալով հարցումիդ՝ ո՛չ. բան մը պիտի չգրեմ։
-Ինչո՞ւ։
-Որովհետեւ ո՛չ բժիշկ եմ, ոչ ալ ախտաբան-մասնագէտ։
-Տանըլտ Թրամփ, Պորիս Ճոնսըն, Փաշինեան կամ պետական այլ դէմքեր մասնագէ՞տ են…
-Անոնք ալ մասնագէտ չեն. ուշադիր պէտք է ըլլան, որ չընեն յայտարարութիւններ, որոնք իրենց գործը չէ. պէտք է ասանկ պարագաներու՝ յայտարարութիւն կատարելն ու ցուցմունք տալը ձգեն մասնագէտներու։ Չե՞ս տեսներ, իրենց ըրած յայտարարութիւններով յաճախ կը հակասեն մասնագէտներու ըսածները, շփոթ կ’առաջացնեն, խուճապ կը պատճառեն…
-Իրաւունք ունիս. օր մը կ’ըսեն, որ ախտին տարածումը հակակշիռի տակ է, պէտք չէ մտահոգուիլ, քանի մը օր ետք, երբ իրականութիւնները ուրիշ բան ցոյց կու տան, ետդարձ կ’ընեն եւ քիչ մը խելքի մօտ թելադրանքներու կը յարին…
-…եւ, ինչպէս ըսի, շփոթի ու աւելորդ խուճապի պատճառ կը դառնան։ Հասկնալի է, որ իրենց նպատակը բարի է. չեն ուզեր զան-գուածները ահ ու դողի մատնել, սակայն…
-Քու կարծիքովդ՝ ի՞նչ պէտք է ընեն։
-Բարեկա՛մս. ըսի՛ արդէն. կարծիք չունիմ։ Իսկ եթէ կ’ուզես որ անպայման բան մը ըսեմ, պիտի նախընտրէի, որ վարակին մասին խօսիլն ու թելադրանքներ տալը ձգէին մասնագէտներու, իսկ իրենք ուրիշ՝ ժողովուրդին օգտակար գործ ընէին։
-Ի՞նչ գործ…
-Օրինակի համար, միջոցներ ձեռք առնեն, որ ստեղծուած խուճապը քիչ մը դարմանուի. չե՞ս տեսներ, մարդիկ շուկաները կը վազեն եւ աներեւակայելի եւ անտրամաբանական բաներ կ’ընեն. օրինակ, ինչպէ՞ս բացատրել պէտքարանի թուղթ գնելու մարդոց խոյանքը։ Տեղ մը լսա՞ծ ես, թէ Պսակաւոր ժահրը կրնաս դարմանել այդ տեսակի թուղթերով։ Այս եղածին վրայ հազար ու մէկ կատակ ստեղծուած է…
-Հա՛. ատիկա ամէնէն խնդալիք բանն է, սակայն, գիտե՛ս, երբ խուճապ ստեղծուի, մարդիկ իրենց դարակներուն մէջ կը ձգեն բանականութեան ու տրամաբանութեան մեծ մասը, կը դառնան ամբոխ, կը վարուին ամբոխային տրամաբանութեամբ։ Այս օրերուն, յաճախ կը յիշեմ Եղիշէ Չարենցը եւ իր «Ամբոխները Խելագարուած»ը…
-Բարեբախտաբար, առաջին օրերու սնապարծութենէն, հարցը քաղաքական բանավէճերու դռներուն առջեւ պտտցնելէ ետք, հիմա սկսած են աւելի՛ լուրջ մօտեցում ունենալ։ Յայտնի է, որ մասնագէտներու խորհուրդին կը հետեւին եւ կտրուկ միջոցներ ձեռք կ’առնեն, հոգ չէ թէ քիչ մը չափազանցութեան ալ կը հասնին…
-Ես քիչ մը չափազանցութիւնը վնասակար չեմ գտներ ասանկ ատեններ։ Ծանօթ խօսք է. աւելի լաւ է մէկ կրամ նախազգուշութիւն, քան հազար քիլօ դեղ։
-Համաձայն եմ։ Լաւ կէտերէն մէկն ալ այն է, որ սկսած են իրարու հետ հաղորդակցիլ, կանխարգելիչ միջոցներու դիմել. տե՛ս, եւրոպական քանի երկիրներու մէջ կտրուկ կերպով արգիլեցին ժողովուրդին շրջագայութիւնը։ Ժամանակին, միջին արեւելեան երկիրներու մէջ, պատերազմի կամ յեղաշրջումներու օրերու էր որ շրջագայութեան արգելքներ կը դրուէին։ Կրնան աւելի՛ն ալ ընել. օրինակ, փոխանակ բանակները ասդին-անդին պատերազմներու մէջ մաշեցնելու՝ կրնան զանոնք գործի լծել՝ շուկաներուն պարէնաւորումը արագացնելու համար։ Չե՞ս տեսներ. վաճառատուներու դարակները կը պարպուին աւելի՛ արագ, քան վերապարէնաւորումը։ Մի՛ մոռնար, որ ո՛չ պատերազմի վիճակ է, ոչ ալ մարդոց կեանքը այլ տեսակի վտանգի ենթարկուած է, երթեւեկութիւնը չի գտնուիր ռմբակոծման կամ նման վտանգներու տակ։
-Բայց հիմա ալ պատերազմական վիճակի պէս բան մըն է. ուրիշ տեսակ պատերազմ. չլսեցի՞ր. Ֆրանսայի նախագահը յայտարարեց, որ այս ժահրին դէմ պատերազմ յայտարարուած է։ Պատերազմը միայն զէնքո՞վ, թնդանօթո՞վ, օդանաւո՞վ, հրթիռո՞վ կ’ըլլայ։
-Հարցը հոն է, որ արեւմտեան աշխարհին մէջ եւ ուրիշ տեղեր՝ այդ ըսած պատերազմդ չափէն աւելի ուշացաւ։ Տե՞ս. Չինաստանի մէջ, ուրկէ կ’ըսեն թէ ծնունդ առաւ այս Պսակաւորը (յուսանք մագիստրոսի կամ տոքթորականի չբարձրանայ…), արդէն թափը կոտրած են։ Մարդիկը քանի մը օրուան մէջ հսկայական հիւանդանոցներ շինեցին, աշխատողներու բանակներ գործի լծեցին, հիմա, արդէն կ’ըսեն, որ վարակուածներուն թիւը զգալի անկումի մէջ է, դարմանումներն ալ արդիւնաւորուած են գոհացուցիչ համեմատութեամբ։ Անոնք արդէն կը վերադառնան այն ճամբէն, որմէ մենք սկսած ենք երթալ…
-…Մերինները նախընտրեցին քանի մը ամիս չափել-կշռել, որ սակարանները ի՞նչ վիճակի կրնան մատնուիլ, մարզական մրցաշարքերուն դադրեցումը, ճաշարաններու, աղօթքի վայրերու փակումը ի՞նչ վնասներ կրնայ պատճառել. կարգ մը խելացիներ ալ մտածեցին ու հազար հաշիւ ըրին, թէ կացութենէն ինչպիսի՛ նիւթական շահեր կրնան ապահովել, պաշտօնական կողոպուտի ինչպիսի՜ հնարաւորութիւններ կը ստեղծուին։ Բայց… եկո՛ւր, այդ էջը չբանանք։ Ինծի սա ըսէ, որ այս բոլորէն աշխարհը բան մը սորվեցա՞ւ, սորվելիք ունի՞…
-Ամէն փորձառութիւն, լաւ կամ վատ, բան մը կը սորվեցնէ, պէ՛տք է բան մը սորվեցնէ մարդոց, պայմանաւ որ մարդիկ դարակներէն դուրս բերեն տրամաբանութիւնը եւ անոր գործածութիւնը բարձրացնեն պետական ամէնէն բարձր գրասենեակները, պալատները։
-Այս ըսածդ շատ ընդհանուր եւ քիչ մը վերացական, փիլիսոփայական բան մը եղաւ։
21 -Լա՛ւ, մանրամասնենք միասին։ Մարդիկ՝ աշխարհի մէկ ծայրէն միւսը, տեսա՞ն, սորվեցա՞ն, որ մարդոց առողջութենէն ու կեանքի ապահովութենէն աւելի՛ կարեւոր բան չկայ։
-Երանի՜ թէ…
Տեսա՞ն, ըմբռնեցի՞ն, որ կան պատուհասներու տեսակներ, որոնք մարդոց կամքէն անկախ ծայր կու տան, կը տարածուին աշխարհով մէկ, խտրութիւն չեն դներ սեւին, դեղինին ու ճերմակին, քրոստոնեային, պուտտայականին, իսլամին եւ այլ կրօններու հետեւողներու միջեւ, իսկ նման պատուհասներու դիմաց՝ պէտք է մարդկային ուղեղներու ամբողջ կարողութիւնները քով-քովի բերուին։
-Երանի՜ թէ…
-Դեռ կայ աւելի՛ կարեւորը։ Մարդիկ, տարբեր երկիրներու ժողովուրդներ անդրադարձա՞ն, պիտի անդրադառնա՞ն, որ իրենց կառավարութիւնները տարուէ տարի ինչպիսի՛ բարձրացումներու կը հասցնեն զինական մարզի պիւտճէները, փոխարէնը՝ կը կրճատեն առողջապահութեան, ախտերու դարմանումին հետախուզութեան տրամադրուած պիւտճէներ, դեռ չեմ խօսիր կրթական ու ընկերային ծառայութեանց յատկացուած պիւտճէներուն կրճատման մասին…
-Միտքս անեկդոտ մը ձգեցիր. մարդ մը բժիշկին կը հացնէ. «Մարդը յաւիտեան ապրեցնելու միջոց կա՞յ»։ Բժիշկը կը պատասխանէ. «Ըսածդ կարելի չէ, սակայն կեանքը կրճատելու հազարաւոր միջոցներ կան», ես ալ աւելցնեմ, որ պատերազմներն ու զէնքի անհակակշիռ առեւտուրը այդ միջոցներէն են, ամէնէն շահաբերները…
-Եկո՛ւր, չերկարենք։ Հարցումիդ պատասխանը կարճի կապենք. մարդիկ, մասնաւորաբար պետական պատասխանատուներ, ժողովուրդն ու անոր շահերը պաշտպանող յաւակնողները վստա՛հաբար սորվելիք ունին այս տագնապէն, որ աննախընթաց ցնցումի ենթարկեց աշխարհը։ Ես ալ աւելցնեմ՝ երանի՜ թէ այդ ցնցումը ասոնց ուղեղներուն հասնի եւ վաղը, այս ախտին յաղթահարումէն ետք, այս բոլորը չմոռցուին եւ ժողովուրդներ ու երկիրներ պատերազմներու, բռնագաղթի ու հազար ու մէկ ձեւի ահաբեկումի ենթարկելու խօլ վազքը չվերսկսի։
-Երանի՜ թէ… երանի՜ թէ… երանի՜ թէ։ Երեքը խորհրդաւոր ու սուրբ թիւ է…
Սարգիս Մահսերէճեան