Մեկնելով Սուրիոյ կառավարութեան պսակաձեւ ժահրի տարածման նախազգուշական քայլերէն, Արամ Մանուկեան Ժողովրդային Տան «Անի» եւ «Նիւ Սպիտակ» ճաշարանները փակ կը յայտարարուին ցնոր տնօրինում։

Արամ Մանուկեան Ժողովրդային Տունը, սակայն, կը շարունակէ ընդունիլ արեւելեան թէ արեւմտեան ճաշատեսակներու իր յարգոյ յաճախորդներուն օրական ապսպրանքը եւ բծախնդրութեամբ մատուցել իր ծառայութիւնը։

Արամ Մանուկեան Ժողովրդային Տան
Խնամակալութիւն եւ Տնօրէնութիւն

Հալէպ, 19 Մարտ 2020