«Արմէնփրէս».- ԱՄՆ ազգային Ողոմպիական Կոմիտէն նոյնպէս կոչ ուղղած է յետաձգելու Թոքիոյի ամառնային ողոմպիական խաղերը:
Ազգային Ողոմպիական Կոմիտէին տարածած հաղորդագրութեան մէջ ըսուած է, որ խաղերու յետաձգումը ամէնէն ճիշդ որոշումը կը նկատուի, որովհետեւ այդ պարագային խաղերը տեղի պիտի ունենան բոլոր մարզիկներուն համար հաւասար նախապատրաստական փուլէն ետք:
Աւելի ուշ Քանատան եւ Աւստրալիան յայտարարած էին, որ իրենց մարզիկները պիտի չուղարկեն Թօքիօ` ողոմպիական խաղերուն: