«Երկիր».- ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է, որ առաջին հիւանդ կնոջ քննութեան արդիւնքը բացասական եղած է:
«Վաղը քննութիւնը պիտի կրկնենք եւ բացասական արդիւնքի պարագային, զայն դուրս պիտի հանենք հիւանդանոցէն», գրած է նախարարը:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի մէջ պսակաձեւ ժահրով առաջին վարակուողը Իրանէն Հայաստան ժամանած երիտասարդ տղամարդ մըն էր, որ եկած էր կնոջ ընկերակցութեամբ: Կինը մինչ օրս վարակի ոչ մէկ նշան ունի: Անոր ամուսինը առողջացած է եւ դուրս եկած հիւանդանոցէն: