«Երկիր».-Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը արտակարգ դրութեան պայմաններու բերումով կ’աշխատի 24-ժամուան աշխատանքային վարչակարգով: Այս օրերուն Պաշտպանին ուղղուած դիմումներու, բողոքներու ու հարցումներու թիւը զգալիօրէն կը գերազանցէ սովորական պայմաններով դիմումներու ու բողոքներու քանակը:
Հասցէագրուող բողոքները մեծ մասամբ կը վերաբերին․
1) Հայաստան մուտք գործելու կամ երկրէն դուրս մեկնելու հարցերուն,
2) աշխատավարձ ստանալ-չստանալու հարցերուն,
3) արձակուրդի հարցերուն,
4) փակ հաստատութիւններէն ներս մարդու իրաւունքներու հարցերուն,
5) մեկուսացման կամ ինքնամեկուսացման պատճառով օգտակար ծառայութիւններուն (ջուր, գազ ու էլ. էներգիայ) համար վճարելու կարելիութեան բացակայութեանն առնչուող հարցերուն, դադրած մատակարարումներու վերականգնումին եւ այլն:
Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը կ’իրականացնէ նաեւ օրէնսդրական արարքներու կատարելագործման աշխատանքներ:
Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը մշտական կապի մէջ է ՀՀ պարէտին հետ, իսկ աշխատակազմը արդիւնաւէտօրէն կ’աշխատի պարէտատան հետ: