ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– ՀՄԸՄ-ի պասքեթի աղջկանց խումբը Համայի մէջ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Սուրիոյ ախոյեանութեան Բ. փուլի մրցումներուն: ՀՄԸՄ-ականները պիտի մասնակցին երեք մրցումներու՝ Ժարամանայի, Մահարտէի եւ Հթթինի կազմերուն դէմ:
– Հալէպի Իթթիհատ ակումբի ֆութպոլի խումբի թունուսցի մարզիչ Քէյս Եագուպի համաձայնաբար դադրեցաւ իր պաշտօնէն: Ըստ մարզիչին, խումբին մթնոլորտը հիմնական պատճառներէն մէկն էր իր որոշումին : Ան ակումբի վարչակազմին հետ համաձայնաբար չեղեալ համարեց զոյգ կողմերուն միջեւ եղած պայմանագրութիւնը:
– Ասիոյ պասքեթի ախոյեանութեան զտման մրցումներու շրջագիծին մէջ, Սուրիոյ հաւաքականը 94-48 արդիւնքով զիջեցաւ Իրանի կազմին. Կիրակի օր, Սուրիոյ հաւաքականը, սրբագրելով նախկին մրցումին արձանագրած իր սխալները, Ճատտայի մէջ յաջողեցաւ պարտութեան մատնել Սաուտիէի հաւաքականը 75-70 արդիւնքով:
– Միջազգային ախոյեան Ֆիրաս Մուալլա ընտրուեցաւ Սուրիոյ մարզական գրասենեակի Կեդրոնական Մարմինի նախագահ. Մուալլայի կողքին եղաւ նաեւ Հալէպի մարզական դաշնութեան նախագահ Ալաա Ճոխաճին: Աւելցնենք, որ Ֆիրաս Մուալլա փոխարինեց վերջին տասը տարիներու նախագահ Մուաֆաք Ճումաայը:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ԴԱՒԻԹ ԻՒՐՉԵՆԿՕՆ ՀԱՆԴԷՍ ՊԻՏԻ ԳԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԻՆ ՀԵՏ 
 Հայաստանի Ֆութպոլի Դաշնութիւնը եւ Քարաքանթայի Շախտար խումբի դարպասապահ Դաւիթ Իւրչենկօն համաձայնութիւն գոյացուցին: Յառաջիկայ շրջանին Դաւիթ մաս պիտի կազմէ Հայաստանի ազգային հաւաքականին՝ որպէս դարպասապահ: Հայաստանի Ֆութպոլի Դաշնութեան մամլոյ գրասենեակը հաղորդեց, որ 33-ամեայ դարպասապահը պատրաստ է կրելու Հայաստանի հաւաքականին տարազը: ՀՖԴ-ի փոխնախագահ Արմէն Նիկողոսեան հանդիպեցաւ Իւչեկոյի հետ եւ անոր յանձնեց իր անունը կրող հաւաքականին տարազը:
Աւելցնենք, որ Հայաստանի կազմը կը պատրաստուի Ղազախստանի եւ Իւզպէքիստանի հետ կայանալիք մրցումներուն:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՑ ԻՐ ՅԱՋՈՂ ԽԱՂԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ
Իտալիոյ ախոյեանութեան 25-րդ փուլի մրցումներուն, Ռոմա իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Լէչէն: Հանդիպումի 13-րդ վայրկեանին, Հայաստանի հաւաքականի խմբապետ Հենրիկ Մխիթարեանի կատարած փոխանցումով, Ունտըրը նշանակեց խումբին առաջին կոլը. 37-րդ վայրկեանին։ Մխիթարեան, շարունակելով իր յաջող խաղարկութիւնը, կրկնապատկեց արդիւնքը: Երկրորդ կիսախաղի 70-րդ վայրկեանին, Ձեկօ նշանակեց Ռոմայի երրորդ կոլը, որմէ տասը վայրկեան ետք, Ալեքսանտր Կոլարով եզրափակեց արդիւնքը եւ հանդիպումը աւարտին հասաւ 4-0 Ռոմայի յաղթանակով:
ԿՈՒԱՐՏԻՈԼԱՆ ԿՐՆԱՅ ԵՐԿԱՐԱՁԳԵԼ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ
Անգլիոյ ախոյեան Մանչեսթըր Սիթիի գլխաւոր մարզիչ Փէպ Կուարտիոլան կրնայ մէկ տարի եւս մնալ խումբի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնին վրայ: Ըստ The Guardian թերթին, սպանացի մարզիչին պայմանագրութիւնը խումբին հետ կ’աւարտի 2021-ին: Ան բանակցութիւններու մէջ է երկարաձգելու պայմանագրութիւնը: Կուարտիոլա ըսաւ. «Տեղեակ չեմ ինչ պահած են յառաջիկայ օրերը: Ես փափաք ունիմ մնալու կազմին հետ, բայց այս հարցին պատասխանը վարչակազմին մօտ է, նայած թէ ինք որքանով գոհ է աշխատանքէս եւ խումբի արդիւնքներէն»: Աւելցնենք, որ Փէպ իր պաշտօնը ստանձնեց 2016-ին, եւ խումբին հետ երկու անգամ դարձաւ Անգլիոյ ախոյեան:
Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան