Նկատի ունենալով պսակաձեւ ժահրէն նախազգուշանալու Սուրիոյ կառավարութեան որոշումները եւ զանոնք գործադրելու խիստ կարեւորութիւնը, Հալէպի Վիլլաներ շրջանի Արամ Մանուկեան Ժողովրդային տան եւ Նոր Գիւղի « Տիգրանեան» կեդրոնի հայ տղաքը 24 Մարտ 2020-էն ի վեր սկսած են արդէն հաց մատակարարել մեր ժողովուրդի զաւակներուն, յատկապէս տարեցներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք առողջական հարցեր ունին եւ կարելիութիւն չունին իրենց ամէնօրեայ անհրաժեշտ կարիքները ապահովելու։

#Տունը_մնացէք։ Մենք պիտի ծառայենք ձեզի։