ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ

 

ԻՊՐԱՀԻՄՈՎԻՉ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԻՐ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԸ ՈՐՊԷՍ ՄԱՐԶԻՉ
Իտալական  La Gazzetta dello Sport-ը հաղորդեց, որ 38-ամեայ շուէտացի խաղացող Զլաթան  Իպրահիմովիչ Իտալիոյ Միլանին հետ մէկ տարուան պայմանագրութիւն կնքած էր, որ պիտի աւարտի Յունիսին: Զլաթան Միլանին հետ մաս կազմած է տասը հանդիպումներու եւ նշանակած՝ չորս կոլ: Ըստ աղբիւրին, ան իր մարզական կեանքը պիտի շարունակէ որպէս մարզիչ, որովհետեւ մտադիր չէ երկարաձգելու իր պայմանագիրը: Աւելցնենք, որ Զլաթան Իպրահիմովիչ իր տարիներու խաղարկութեան ընթացքին ձեռք բերած է Նիտըրլանտի, Իտալիոյ, Սպանիոյ եւ  Ֆրանսայի ախոյեանութիւնները: Շուէտի  հաւաքականին հետ մաս կազմած է 116 մրցումի՝ նշանակելով 62 կոլ:
ՊՈՒՖՕՆ ՊԻՏԻ ԵՐԿԱՐԱՁԳԷ ԻՐ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ
Իտալիոյ բազմակի ախոյեան Իւվենթուսը առաջարկած է իր դարպասապահին՝ Պուֆոնին,  մէկ տարիով երկարաձգել պայմանագիրը՝ մինչեւ 2020-2021 տարեշրջանի աւարտը: Ըստ  Corriere di Torino-ի, խումբին մէջ կան երեք ֆութպոլիստներ, որոնց  պայմանագրութիւնները խումբին հետ կ’աւարտին այս տարուան Յունիսին: Ուստի ակումբի ղեկավարները առաջարկած են անոնց պայմանագրութիւնները երկարաձգել մէկ տարիով: Յիշենք, որ  Կելինիին, որ Իւվէնթուսի երիցագոյնն է, այս տարի երկար ժամանակաշրջան մը չկրցաւ մաս կազմել մրցումներուն ծանրօրէն վիրաւորուած ըլլալուն համար, իսկ դարպասապահ Պուֆօնը ներկայ եղաւ 11 մրցումի, մինչդեռ Մատիուիթին Իւվէնթուսի կազմին հետ մասնակցեցաւ 24 մրցումի:
ԱՐՍԵՆԱԼ ՈՐՈՇԵՑ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆԻ ՓՈԽԱՐԻՆՄԱՆ ԳՈՒՄԱՐԸ
Horriere Dello Sport-ը գրեց, որ ամրան փոխադրաշրջանին, Հայաստանի հաւաքականի յարձակողական խաղացող Հենրիկ Մխիթարեան, որ մէկ տարուան  վարձավճարով միացած է Իտալիոյ Ռոմային, կրնայ մնալ իտալական խումբին հետ փոխան 25 միլիոն եւրոյի: Անգլիոյ Արսենալի խաղացողը, որ այս տարի միացաւ  Ռոմային, խումբին հետ մաս կազմեց ութը մրցումներու, նշանակեց վեց կոլ ապա նաեւ դարձաւ երեք կոլի հեղինակ:
ՓԱՈՒԼՕ ՄԱԼՏԻՆԻՆ ԵՒ ՈՐԴԻՆ ՊՍԱԿԱՁԵՒ ԺԱՀՐՈՎ ՎԱՐԱԿՈՒԵՑԱՆ
Իտալիոյ Միլան ակումբի վարչակազմը պաշտօնական կայքէջին միջոցով յայտարարեց, որ խումբի երկարամեայ նախկին խաղացող Փաուլօ Մալտինին եւ իր որդին, որ այժմ Միլանի խաղացող է, վարակուած են պսակաձեւ ժահրով: Աղբիւրը յիշեց, որ Փաուլօ Մալտինին վերջերս հանդիպած է պսակաձեւ ժահրի հիւանդութենէն տառապող անձի մը եւ անկէ վարակուած է, մինչդեռ մանչը, որ մաս կը կազմէ Միլանի երիտասարդական խումբին, ժահրը ստացած է իր հօրմէն: Ներկայիս մալտինիները հիւանդանոցի մէջ յատուկ հոգատարութեան կ’արժանանան: Անոնց վիճակը մտահոգիչ չէ:
ԼԷՅՔԸՐԶԻ ԿԱԶՄԷՆ ԵՐԿՈՒ ԽԱՂԱՑՈՂՆԵՐ ՎԱՐԱԿՈՒԵՑԱՆ ՊՍԱԿԱՁԵՒ ԺԱՀՐՈՎ
Ամերիկայի Լոս Անճելոս  Լէյքըրզի ակումբը պաշտօնական կայքէջին միջոցով յայտարարեց, որ խումբէն երկու խաղացողներ վարակուած են պսակաձեւ ժահրով եւ ներկայիս մեկուսացուած են սենեակի մը մէջ, յատուկ հոգատարութեան ներքոյ: Ռոյթըրզ լրատուամիջոցը յայտնեց, որ կազմի բոլոր խաղացողները հիւանդանոցին մէջ ենթարկուեցան ժահրի յատուկ քննութեան, որուն հետեւանքով ի յայտ եկաւ, որ երկու խաղացողներ կը տառապին պսակաձեւ ժահրի հիւանդութենէն, առանց յիշելու անոնց անունները: Աւելցնենք, որ երկու օր առաջ Պրոքլին նեթս ակումբը յայտարարեց, որ չորս խաղացողներ կը տառապին սոյն հիւանդութենէն:
Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան