Գամիշլիի Արտակարգ Իրավիճակի Յանձնախումբը կը շարունակէ իր աշխատանքը հանդիպում ունենալով հայ բժիշկներուն, ՍՕԽ-ի Վարչութեան եւ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչներուն հետ, միասնաբար համադրելով ծառայողական ոլորտի գործընթացը։
Առ այդ ՍՕԽ-ի Վարչութիւնը յայտնեց որ ՍՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան կողմէ տրամադրուած նիւթական ներդրումը պիտի բաշխուի նպաստընկալ ընտանիքներուն եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց գործակցելու ներկայ դժուարութիւններու դիմագրաւման աշխատանքին։ Որպէս առաջնահերթութիւն մէկ տարեկանէն վար հայ երեխաներուն կաթ ապահովուեցաւ, իսկ բաշխումը ընթացքի մէջ է։

Միւս կողմէ, հայ տղաքը կը շարունակեն 24 ժամուան դրութեամբ ներկայ գտնուիլ ազգային վարժարանի գրասենեակը, շտապ օգնութեան կարիք ունեցողներուն օժանդակելու համար։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն