Երէկ, Քրիստափոր Ուսանողական Միութեան անդամները պսակաձեւ ժահրէն նախազգուշացման աշխատանքներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ ստանձնելով Հալէպի ազգային կառոյցներու հականեխումը։

Անոնք նախ հականեխեցին Արամ Մանուկեան Ժողովրդային Տունը։ Յաջորդ փուլին նկատի պիտի առնուին Ազգ. Պատսպարանը, Հայ Ծերանոցը, եկեղեցիներ ու այլ կեդրոններ։