«Արմէնփրէս».- Ուքրանիոյ Ժիտոմիրի մարզի «Էրեբունի» հայ համայնքը նիւթական օժանդակութիւն տրամադրած է  COVID-19-ն  ախտորոշելու նպատակով վիրուսաբանութեան տարրալուծարանի վերակառուցման, որ կը գործէ Ժիտոմիրի Գերբաչեւսկու անուան քլինիքական հիւանդանոցի կազմէն ներս:

Բացի այդ, հայերու տարածաշրջանային համայնքը հազարաւոր դիմակներ նուիրած է մարզային ուռուցքաբանութեան քլինիքային եւ թիւ 2 քաղաքային հիւանդանոցին: Հաստատութիւններու բժիշկները շնորհակալութիւն  յայտնած են նման օգնութեան ցուցաբերման համար եւ յայտնած, որ այսօր անհատական պաշտպանութեան միջոցները խիստ անհրաժեշտ են:

Աւելի ուշ Ժիտոմիրի «Էրեբունի» հայ համայնքը օգնութիւն  ցուցաբերած էր նաեւ Ժիտոմիրի շրջանի այլ քաղաքներուն: