Երկուշաբթի, 6 Ապրիլ 2020-ի առաւօտուն, Նոր Գիւղ տուած իր այցելութիւններուն կարգին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Մասիս Սրբ․ Եպս․ Զօպուեան այցելեց Համազգայինի «Զաւարեան» մշակութային կեդրոն, ընկերակցութեամբ՝ Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեանի, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Յարութ Քիլիսլեանի եւ Արժ. Տ. Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեանի։
Կեդրոնի մուտքին, սրբազան հայրը դիմաւորուեցաւ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան եւ «Զաւարեան» մշակութային կեդրոնի շինարարական յանձնախումբի անդամներուն կողմէ: Սրբազան հայրը շրջելով Համազգայինի կառոյցէն ներս մօտէն ծանօթացաւ կառոյցին, շինարարական տարուող աշխատանքներուն եւ Համազգայինի միաւորներու մշակութային գործունէութեան յատկացուած իւրաքանչիւր բաժինի: Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Պերճ Պօղիկեան դիտել տուաւ, որ շինարարական աշխատանքները աւարտելով, կառոյցը մշակութային ամբողջական կեդրոնի մը պիտի վերածուի՝ իր երգչախումբի, պարախումբի,կերպարուեստի, երաժշտանոցի, թատրոնի եւ հայագիտական հիմնարկի յատուկ բոլոր բաժիններով:
Սրբազան հայրը գնահատեց հայ մշակոյթի պահպանման համար Համազգայինի տարած գործունէութիւնը, հակառակ պատերազմին գործած աւերներուն, եւ իր հայրական օրհնութիւնն ու ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց Շրջ. Վարչութեան, Ծաղկազարդի տօնին առիթով ձիթենիի օրհնուած ճիւղեր բաժնելով բոլորին: