Երկուշաբթի, 6 Ապրիլ 2020-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Մասիս Սրբ․ Եպս․ Զօպուեան, ընկերակցութեամբ՝ Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեանի, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Յարութ Քիլիսլեանի եւ Արժ. Տ. Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեանի այցելեց Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Առողջապահական կեդրոն։
Կեդրոնի մուտքին, սրբազան հայրը ջերմապէս դիմաւորուեցաւ ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան կողմէ: Սրբազան հայրը շրջելով ՍՕ Խաչի Առողջապահական կեդրոնին մէջ, ծանօթացաւ մատուցուած բժշկական ծառայութիւններուն եւ զրուցեց պատասխանատուներուն հետ ներկայ դժուարութիւններու դիմագրաւման առնչուող հարցերու շուրջ:
Սրբազան հայրը գնահատեց ՍՕ Խաչի մարդասիրական աշխատանքը, յատկապէս պսակաձեւ ժահրէն նախազգուշացման համար ՍՕ Խաչի տարբեր յանձնախումբերուն կամաւոր ծառայութիւնը եւ իր զօրակցութիւնն ու հայրական օրհնութիւնները ուղղեց ծառայասէր աշխատակազմի անդամներուն։ Ապա ան Ծաղկազարդի տօնին առիթով ձիթենիի օրհնուած ոստեր բաժնեց անոնց:

ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Սեդա Կէրկէրեան դիտել տուաւ, որ Առողջապահական կեդրոնէն ներս հայ բժիշկները, ինչպէս նաեւ Բերիոյ Թեմին յառաջացուցած Առողջապահական Յանձնախումբին բժիշկներն ու դեղագործները հերթապահութիւն կը ստանձնեն կեդրոնէն ներս, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00։
Այնուհետեւ սրբազան հայրը ուղղուեցաւ դէպի ՍՕԽ-Ազգ. Պատսպարան։
Պատսպարանէն ներս, սրբազան հայրը մտերմիկ հանդիպում ունեցաւ Պատսպարանի սաներուն եւ պատասխանատու յանձնախումբին հետ, մօտէն ծանօթացաւ պատսպարեալներու հոգատարութեան, խնամքի եւ տուն մնալու հետեւանքով ի գործ դրուող տնային դասապահերու ծրագրին: Սրբազան հայրը զրուցելով փոքրիկներուն հետ, թելադրեց հետեւիլ ժահրէն պաշտպանուելու բոլոր թելադրանքներուն, ապա իր հայրական օրհնութիւններն ու քաջալերանքը ուղղեց անոնց: Գերշ. Տէր Մասիս բարձր գնահատեց Ազգ. Պատսպարանի Յանձնախումբին հոգատար աշխատանքը եւ Ծաղկազարդի տօնին առիթով ձիթենիի օրհնուած ճիւղեր բաժնեց բոլորին:
Պատսպարանի Յանձնախումբի ատենապետ Զեփիւռ Ռէիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, իր օրհնաբեր այցելութեան եւ քաջալերանքին համար:
Այցելութեան աւարտէն ետք, «Քրիստափոր» Ուսանողական Միութեան անդամները հականեխեցին ՍՕ Խաչի Առողջապահական կեդրոնն ու Ազգ. Պատսպարանը:

Վերջապէս սրբազան հայրը այցելեց ՍՕ Խաչի Ընկերաբժշկական կեդրոն, որ նորոգուած էր պատերազմէն վերջ, յարկ-յարկ շրջելով ծանօթացաւ կեդրոնի մասնաբաժիններուն եւ մաղթեց, որ պսակաձեւ ժահրին ստեղծած տագնապի աւարտէն ետք միասնաբար կատարեն բարեզարդուած կեդրոնին բացումը։