Աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ հայ արուեստագէտներ ապրած են եւ կը շարունակեն ապրիլ ու ստեղծագործել. անոնց անունը դուրս կու գայ իրենց ապրած երկրին սահմաններէն, հասնելու համար տարբեր երկիրներ ու ցամաքամասեր: Անոնք ոչ միայն չեն ժխտեր իրենց ազգութիւնը, այլ հպարտօրէն կը նշեն իրենց արմատները եւ կը սատարեն ՀԱՅ մարդու կերպարին բիւրեղացման. օտարներուն համար: «Հայը» անծանօթ, լաւագոյն պարագային՝ մշուշոտ կերպար մը չէ ա՛լ, այլ յստակօրէն ուրուագծուող պատկեր մը ստեղծագործ, հնարամիտ, ազնիւ եւ աշխատասէր անհատի:
Աշխարհն ամբողջ այսօր գիտէ, որ Շարլ Ազնաւուր, Արշիլ Կորքի, Ուիլիըմ Սարոյեան, Քիմ Քարտաշեան ու շատ ուրիշներ հայ են, կամ ծագումով հայ են: Այս գիտնալը ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի, ի՞նչ կու տայ: Խորքին մէջ՝ պէ՞տք է բան մը տայ:
Թերեւս փոքր ազգի մը զաւակը ըլլալու բարդոյթն է ասիկա, որովհետեւ նման հարցադրում նոյնիսկ ձեւաբանել պիտի չմտածէին ֆրանսացին, անգլիացին, գերմանացին կամ ճաբոնցին:
Իսկ «փոքր» ըլլալը բնաւ կապ չունի ազգի մը զաւակներուն թիւին հետ, որովհետեւ արաբներն ալ, հակառակ իրենց մեծ թիւին, ունին նո՛յն բարդոյթը. օրինակ երբ արաբ մը մեծ հպարտութեամբ դիմատետրի իր էջին վրայ կը դնէ Անգլիոյ թագուհիին նկարը, որ կը շնորհաւորէ եգիպտացի արաբ դասախօսը, Անգլիոյ համալսարաններէն մէկուն տնօրէն նշանակուած ըլլալուն առիթով, չենք կրնար չմտածել նոյն՝ «փոքր» ազգի զաւակ ըլլալու բարդոյթին մասին:
Անհատները, բացի արդար հպարտութենէն շատ բան չեն աւելցներ ազգին: Սակայն հաւաքական կերպարը այլ հարց է:
Սփիւռքահայու մեր հաւաքական կերպարին համար դժբախտաբար չենք կրնար ըսել այն, ինչ կ’ըսենք մեր աշխարհահռչակ արուեստագէտներուն մասին: Սփիւռքահայուն համար ըսի, որովհետեւ հայաստանաբնակ հայերը ունին իրենց հաւաքական կերպարը, որուն մէջ յստակօրէն կը զգացուի երկրին դրոշմը:
Սակայն կարելի՞ է խօսիլ «հաւաքական» կերպարի մասին Սփիւռքի մէջ, որ ընդհանուր պատկեր մը չի պարզեր, այլ խճանկար մըն է, բազմաթիւ եւ տարբեր «հաւաքական ինքնութիւն»ներէ կազմուած:
Կ’անդրադառնանք որ հարցը շատ բարդ է. հայրենիք չկայ, որ իր դրոշմը դնէ անհատին վրայ. ընդհակառակը՝ իւրաքանչիւր օտար երկիր իր դրոշմը կը դնէ սփիւռքահայուն վրայ, բան մը, որ թէեւ խճանկարը հետաքրքրական եւ բազմագոյն կը դարձնէ, միաժամանակ սակայն կը հեռացնէ կարծես համայնքները իրարմէ, նախ տեղական լեզուի ազդեցութեան, ապա ապրած երկիրներէն ստացուած դրոշմին պատճառով:
Վերը կը հարցադրէինք, թէ աշխարհահռչակ արուեստագէտներու հայ ըլլալուն աշխարհի գիտակցութիւնը ի՞նչ կու տայ մեզի, կամ՝ պէ՞տք է բան մը տայ: Այս հարցադրումը անհատներու պարագային եթէ ժխտական պատասխան ունի, ապա հաւաքական կերպարի պարագային կարեւոր, նոյնիսկ էական կը դառնայ անոր դրական պատասխանը, որովհետեւ այո՛, հաւաքական յստակ կերպար մը շատ բան կրնայ տալ սփիւռքահայերուս:
Նախ իրարու նման ըլլալով, կարելի կ’ըլլայ զգալ, որ մեծ խմբաւորում մըն ենք (Սփիւռքի տարածքին տասը միլիոնը քիչ թիւ չէ), հետեւաբար որոշ ուժ մը կը ներկայացնենք գոնէ մեր կեցուածքներով, մինչ այսպէս՝ իրարմէ անջատ եւ «տարբեր», օտարին դէմ միշտ «անկարող» ըլլալու լուռ համոզում մը ունինք:
Երկրորդ՝ մեր հաղորդակցութիւնը,և որ բոլորս ալ գիտենք թէ չէ այնպէս, ինչպէս պարտ էր ըլլալ տարբեր գաղութներու միջեւ,և կրնայ աւելի ջերմ, հետեւաբար՝ աւելի արդիւնաւէտ ըլլալ:
Երրորդ՝ կը հեշտանայ հայուն ինքնութեան գիտակցութիւնը, որ այսօր տարօրինակ շփոթ մը կը պատճառէ երիտասարդ սփիւռքահայերուն, մանաւանդ երբ ա՛լ չեն տիրապետեր արեւմտահայերէնին:
Հետեւաբար որքան լեզուն կարեւոր է մեզի, սփիւռքահայերուս համար, նոյնքան կարեւոր է մեր հաւաքական կերպարին գիտակցութիւնն ու զայն կերտելու ճիգը: Այս ճիգն է, որ պէտք է դառնայ մեր ուշադրութեան առարկան, լեզուին՝ արեւմտահայերէնին տրուած ուշադրութեան կողքին, հաւասարապէս:
* * *
Այսքանը՝ դուրսին, արտաքին աշխարհին հանդէպ:
Իսկ մե՛ր աշխարհին մէջ, մեզի, մանաւանդ սփիւռքահայերուս համար սկսած է ահարկու չափերու հասնիլ շատ էական վտանգ մը, զոր ո՛չ միայն չենք մտածեր կանխել, այլ որուն գոյութիւնն իսկ կ’անգիտանանք յաճախ՝ ինքնութեան հարցը:
Երբ կը վտանգուի լեզուն, ինք մինակը չէ որ կը վտանգուի, այլ իր հետ կը վտանգէ ամբողջ համակարգ մը աւանդութիւններու, կենսահայեացքի եւ կենսաձեւի ու մանաւանդ՝ ինքնութեան: Որովհետեւ այդ պարագային կը բիւրեղանայ հարցը՝ երբ ա՛լ չկայ լեզուն, ի՞նչն է որ մեզ «հայ» կը պահէ:
Ասիկա թերեւս անհեթեթ թուի Միջին Արեւելքի այն քանի մը գաղութներուն համար, որոնք տակաւին իրենց առօրեան հայերէնով կ’ապրին, որոնց համար հայ ըլլալը երբե՛ք հարցադրումի առարկայ չէ: Բայց արեւմուտքի մէջ, ուր յստակ կեցուածք մը կայ լեզուն շրջանցելու, զայն ոչ անհրաժեշտ նկատելու,և որուն հետեւանքով է անշուշտ որ հայկական դպրոցներ մէկը միւսին ետեւէն կը փակուին,և այս հարցը խորապէս էական է:
Երբ հայագիտական համագումարի մը ընթացքին ԱՄՆ-ի համալսարաններէն մէկուն յարգելի դասախօսը իր ելոյթը ոչ հայերէն ըրաւ, չվարանեցայ իրեն ուղղելու զիս չարչրկող հարցը.
– Գիտեմ որ,և ըսի,և ԱՄՆ-ի մէջ հայագիտական ամպիոններու դասախօսութիւններն իսկ անգլերէնով կ’ըլլան, գիտեմ նաեւ, որ ԱՄՆ-ի մտաւորականները շրջանցած են հայերէնին՝ արեւմտահայերէնին հարցը. հոսկէ կը ծագի հարցումը՝ արեւմտահայերէնի նահանջին հետ, սփիւռքահայը ո՞ւր կը գտնէ, կամ պէտք է գտնէ իր ինքնութիւնը. ո՞ւր պէտք է փնտռել հայուն ինքնութիւնը, երբ լեզուն ա՛լ չըլլայ:
Երկար պահ մը մտածեց. յայտնի էր, որ հարցը նորութիւն էր իրեն համար եւ երբե՛ք մտածած չէր անոր մասին: Յետոյ ըսաւ, թէ կարեւորը տիպարներ (role models) ունենալն է, տիպարներ, որոնք կարենան ներշնչել նոր սերունդը. եւ տուաւ շատ անհեթեթ օրինակ մը՝ Քիմ Քարտաշեան:
Անշուշտ բնաւ համոզիչ չէր: Հետեւաբար պատասխաններ գտնելու ձեռնարկեցի, այլ մտաւորականներու նոյն հարցումը ուղղելով:
Ամերիկաբնակ մտաւորական մը, որուն արմատները խրած են Միջին Արեւելքի մէջ, գրեց.
«Լեզու եւ ինքնութիւն կը ձեւաւորուին մարդուն կողմէ, որ կ’ընտրէ իր ուզածը եւ կը լքէ իր չուզածը. նոյնիսկ լեզուի պարագային»:
Այս կարճ նախադասութեան մէջ քանի մը կէտեր կ’ուրուագծուին.
Ա. լեզու եւ ինքնութիւն կը նոյնանան.
Բ. ընտրութեան կարելիութիւնը այս երկուքին պարագային.
Գ.լեզուն կը դասուի «ընտրուելիք» նիւթերու կողքին՝ «նոյնիսկ լեզուն»:
Ընտրութեան հարցը, որ կրնայ մարդ արարածին ամէնէն հիմնական ազատութիւններէն մէկը ըլլալ, հայ մարդուն համար որոշ սահմանափակումներ ունի (թէեւ նոյն սահմանափակումները կան բոլորին համար, երբ իր կամքէն անկախ կը ծնի այս կամ այն երկրին, քաղաքին, ընտանիքին, լեզուին եւ կրօնքին մէջ). հայ մարդը չի կրնար, կամ պէտք չէ որ ընտրութեան վերածէ իր ինքնութիւնն ու լեզուն, որովհետեւ այդ պարագային ոչինչ պիտի մնայ զինք պահող, այսինքն՝ հայ պահող:
Նոյն մտաւորականը կը շարունակէ գրել.
«Ո՞ւր է գրաբարը մեր հայկական ինքնութեան եւ իրականութեան մէջ»:
Գրաբարը ենթարկուած է կեանքին պահանջը եղող եղափոխութեան եւ հասած, բազմաթիւ գրագէտ-մտաւորականներու ճիգերով, Ջարդէն անմիջապէս առաջ նուաճած իր բարձունքին: Այսօր գրաբարը թէեւ մեր առօրեային մէջ չէ, սակայն կը շարունակէ ծառայել որպէս ուսումնասիրութիւններու միջոց, պատմութիւնն ու մատենագրութիւնը հասկնալու եւ նորովի մեկնաբանելու համար:
Տակաւին՝ «Անշուշտ պայման չէ որ նոյն լեզուն խօսինք, որպէսզի հաղորդակցինք ու պահենք մեր հայ ըլլալը կամ լինելը» (այս երկու բառերուն տարբերութիւնը չկրցայ հասկնալ):
Ուրեմն ինչպէ՞ս պահենք մեր ինքնութիւնը:
«Ինքնութիւն ունենալու եւ պահելու գլխաւոր գործօններէն մէկը գիտնալն է քու ունեցածիդ արժէքը, եղեր է այդ լեզու կամ ինքնութիւն»:
Այսինքն՝ հայու գիտակցութի՞ւնը, որ այսօր նուազագոյնի իջած է ԱՄՆ-ի, Քանատայի եւ Եւրոպայի հայութեան մօտ:
«Այսինքն Հայաստանի մէջ կա՞յ այդ գիտակցութիւնը»:
Հայաստանը մեր զրոյցէն դուրս է, որովհետեւ.
Ա. իր հողին վրայ ապրող ժողովուրդը կարիք չունի իր ինքնութեան հարցերով զբաղելու, հողը կը պահէ զինք
Բ. այս գիտակցութիւնն է, որ հողի դեր պիտի կատարէ Սփիւռքի համար: Նախապէս այդ դերը լեզուն կը կատարէր՝ «Լեզուս իմ հայրենիքս է», ըսեր է սփիւռքահայ բանաստեղծը:
«Պէտք է խօսինք, պէտք է գրենք եւ երիտասարդները ստիպենք որ խօսին ու գրեն»:
ԻՆՉՊԷ՞Ս:
Եւ հոս մեր զրոյցը տուեալ մտաւորականին հետ դադրեցաւ, հակառակ քանի մը անգամ յուշելուս:
Ամերիկաբնակ այլ բանաստեղծ մը պատասխանեց.
«I thought about your question long and hard, and did not find a new answer. It remains clear to me that language is paramount in defining (not to others necessarily, but to ourselves) who we are».
ԻՆՉՊԷ՞Ս:
Հայաստան ապրող ափիւռքահայ մտաւորական տիկին մը կը գրէ.
«Ինծի համար լեզուն անփոխարինելի է, եւ եթէ զայն կորսնցնենք, միայն հողի՛ն վրայ պահպանուած մշակոյթը մեր ինքնութիւնը պիտի ապահովէ, կարծեմ: Օրինակ՝ Համշէնն ու Արեւմտեան Հայաստանը, ուր լեզու (եւ կրօն) չկայ, բայց քանի որ հողին վրայ են՝ կը յիշեն իրենց արմատները եւ կը պահպանեն իրենց ինքնութիւնը….»
Ստացած պատասխաններուս մէջ երկու կէտեր յստակ էին.
ա- հայերէնը եւ անոր իմացութիւնը գերակայ են մեր ինքնութեան մէջ.
բ- այս կարծիքը կը պատկանի միջին տարիքի սահմաններուն կեցած մտաւորականներուն, եթէ նոյնիսկ անոնց աշխատանքային առօրեան հայերէնով չէ:
Բայց ի՞նչ կը մտածէ ՆՈՐ սերունդը, այն տղաքը, որոնք օտար վարժարաններ յաճախած են, յետոյ օտար համալսարաններէ շրջանաւարտ եղած են եւ իրենց աշխատանքային առօրեան և երբեմն նաեւ տունը և ոչ հայերէնով կ’ընթանայ:
Երբ հարց տրուի իրենց, մեծ մասին համար անվարան եւ ճշգրիտ է պատասխանը՝ «Անշո՛ւշտ հայ եմ»: Բայց՝
Ինչո՞վ. ինչպէ՞ս:
Անշուշտ կան մտաւորականներ, որոնք թէեւ օտար լեզուներով կ’արտադրեն, սակայն անոնց բանասիրական-ուսումնասիրական-պատմական ամբողջ արտադրութիւնը կը բեւեռուի հայութեան շուրջ. հետեւաբար անոնց համար երբե՛ք հարց չի կրնար դառնալ ինքնութիւնը, առանց լեզուի: Բայց քանի՞ նման մտաւորական ունինք: Եւ ի վերջոյ, ինչ որ կը գրուի, նկատի կ’առնէ մեր հասարակութիւնը իր խաւերով եւ ոչ՝ մտաւորականութիւնը:
Այս գրութիւնը կը ծնի տագնապէ մը եւ զայն դարմանելու ջանքերէն. երբեք մտադրութիւն չունի պատասխաններ գտած ըլլալու, կամ թելադրութիւններ ընելու, բայց կը ձեւաբանէ այսօր ահազանգող չափերու հասած վիճակ մը՝ ի՞նչն է որ մեզ հայ կը պահէ, երբ չըլլայ լեզուն:
Մարուշ Երամեան
Աղբիւր- «Գանձասար Բացառիկ-2020»