«Երկիր».-Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ յայտարարուած արտակարգ դրութեան պայմաններով պետական կառավարման եւ տեղական ինքնակառավարման մարմինները վերափոխած են իրենց աշխատանքը` քաղաքացիներուն եւ կազմակերպութիւններուն առաջարկելով անյետաձգելի կարիքներու, խնդիրներու եւ հարցերու մասին դիմումներ, հարցումներ, նամակներ ուղղել առցանց:

Լեզուի կոմիտէին համաձայն, ելեկտրոնային նամակներու հեղեղը, ցաւօք, բացայայտած է այն տխուր իրականութիւնը, որ ՀՀ հարիւրաւոր քաղաքացիներ պատկան մարմիններուն հայերէն ելեկտրոնային նամակներ  յղած են, որոնք սակայն օտար տառերով գրուած են: «Ասիկա անյարգալից վերաբերմունք է Հայաստանի Հանրապետութեան պետական լեզուին` հայերենին նկատմամբ», յայտնած է կոմիտէն:

Լեզուի կոմիտէն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն կոչ ուղղած է պահպանելու ՀՀ Սահմանադրութեան, «Լեզուի մասին» ՀՀ օրէնքի պահանջները եւ պետական կառավարման ու տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն ուղղուած հայերէն ելեկտրոնային նամակները բացառապէս հայատառ գրելու:

Լեզուի Կոմիտէն պետական կառավարման եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն եւս կոչ ուղղած է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներէն ստացուած հայերէն օտարատառ ելեկտրոնային նամակներուն ընթացք չտալու: