Պսակաձեւ ժահրին համաճարակը համաշխարհային նոր, բազմաբեւեռ համակարգի մը ձեւաւորման քայլերը արագացուցած ըլլալ կը թուի։ Այս ժահրին տարածումը, ո՛ր կողմն ալ ըլլայ անոր ետին, երկու գերպետութիւններու՝ ԱՄՆ-ի եւ Չինաստանի տնտեսական եւ ճարտարագիտական կարողութիւններու տարբերութիւնը ընդգծեց եւ տնտեսական թէ առողջապահական համաշխարհային տագնապները դիմագրաւելու իւրաքանչիւրին միջոցները,  լծակները, կարելիութիւններն ու նոյնիսկ մարդասիրական մօտեցումները երեւան հանեց։
Վերլուծաբաններու համաձայն, պսակաձեւ ժահրի համաճարակէն վերջ,  աշխարհը կ’ուղղուի համաշխարհային երրորդ պատերազմի մը, որուն աւարտին կը նախատեսուի, որ աշխարհի միաբեւեռ ղեկավարումը մէկընդմիշտ վերանայ ու Չինաստանը դառնայ այն երկրորդ բեւեռը, որ ոչ թէ բռնի ուժով, այլ տնտեսութեան եւ ճարտարագիտութեան իր կարողութիւններով հաստատէ ղեկավարի իր դերը։ Բազմաբեւեռ համակարգի մը գոյացման պարագային Ռուսիան, Եւրոպան եւ Իրանը իրենց ազդեցութեան բանեցման, յատկապէս միջազգային ապահովութեան պահպանման մէջ ԱՄՆ-ի յառաջացուցած մեծ բացը գոցելու իրենց արդարացի նկրտումները պիտի ունենան։ Միջին Արեւելքի դէպքերը եկան վկայելու, որ Միացեալ Նահանգներ համաշխարհային ապահովութեան երաշխաւորը ըլլալու իր դերը համարեա՛ կորսնցուցած է, տակաւին չենք խօսիր համաճարակի տարածման պայմաններուն մէջ կարգ մը երկիրներուն սահմանուած տնտեսական պատիժները շարունակելու եւ առողջապահական տագնապը սաստկացնելու իր դերակատարութեան մասին։
Երկբեւեռ կամ բազմաբեւեռ համակարգը մասամբ կրնայ մեղմացնել շարք մը տագնապներ՝  յօգուտ աշխարհին, որովհետեւ վերջին տարիներու տագնապներուն մեծ մասը այս միաբեւեռ համակարգին մրցունակ ու գերտիրող ուժ մնալու  նկրտումներուն հետեւանքով սասկացան։ Տագնապները ո՛չ ժողովրդավարական կարգեր հաստատելու, ո՛չ սոսկ վարչակարգեր փոխելու, ոչ ալ տարածքներ գրաւելու համար էին։ Տագնապներուն տուն տուող հիմնական պատճառը Չինաստանին ԱՄՆ-ի մրցակից բեւեռի վերածուելու ջանքերու կասեցման  փորձերն էին, որոնք ի թերեւ ելան։ Այս զարգացումը, որ նախատեսուած ալ էր Միացեալ Նահանգներու հետազօտական կեդրոններուն կողմէ, ընդունելի չէր։ Միւս կողմէ, Չինաստան բախումի ուղղուելու կամ աշխարհը ղեկավարելու ծրագիրներ փայփայելու փոխարէն ընտրած էր տնտեսական եւ ճարտարագիտական ոլորտներու մէջ զարգանալու տարբերակը՝ հասնելու զարգացման այնպիսի դիրք ունեցող երկրի մը, որուն հետ հաշուի չնստիլը անկարելի պիտի ըլլար բնականաբար։ Այդպէս ալ եղաւ։  Չինաստան դարձաւ տնտեսական եւ ճարտարարուեստի ոլորտներուն մէջ գերզարգացած ուժ։ Այսօր, փաստօրէն , Չինաստանի մէջ կը գործեն աւելի քան ութը  հազար ամերիկեան ընկերութիւններ, իսկ պսակաձեւ ժահրին յաղթահարումն ու Չինաստանի այլ երկիրներու նկատմամբ մարդասիրական մօտեցումն ու օժանդակութիւնը այլ առաւելութիւններ ալ արձանագրեցին ի նպաստ այդ երկրին։
Ուրեմն կանախատեսելի կը թուի երկու մեծ ուժերուն կարճաժամկէտ բախումը, ապա համաձայնութիւնը, որմէ ետք կ’ակնկալուի տնտեսական ծաղկումի նոր փուլ մը, որ կրնայ սկսիլ յատկապէս Միջին Արեւելքի շրջանէն, նկատի առած որ այդ շրջանն է ամէնէն շատ տուժածն ու քանդուածը, միեւնոյն ատեն ամէնէն հարուստը՝ հանքային ու հում նիւթերու պաշարներով։
Այս փուլին, ԱՄՆ Միջին Արեւելքի մէջ վերահսկող ուժ դառնալու, Ռուսիոյ եւ Իրանի դերակատարութիւնը սահմանափակելու համար բախումներու իսկ կրնայ ուղղուիլ։
Տագնապալի կարճ շրջան մը եւս կը նախատեսուի յառաջիկայ ամիսներուն, սակայն իւրաքանչիւր տագնապէ ելք որոնելն ու զայն օգտագործելն ալ պետութիւններու երկարաժամկէտ ծրագիրներուն մաս պիտի կազմեն, նուազագոյն վնասներով եւ առիթներու առաւելագոյն օգտագործումով դուրս գալու միաբեւեռ, լիպերալ աշխարհի քայքայման այս փուլէն։
Միւս կողմէ ծաւալապաշտ երկիրներ կրնան օգտագործել միջազգային ատեաններու գերլարուած այս վիճակը եւ նոր տարածքներ գրաւելու նկրտումներ ունենալ։ Ե՛ւ Սուրիոյ, ե՛ւ Հայաստանի պարագային հարեւան երկիրներու նկրտումները կրնան նոր յարձակումներու առաջնորդել։
Ու որքան ամուր մնան այս երկու երկիրներուն պաշտպանութեան համակարգերը, այնքան կարելի կ’ըլլայ ամրագրել անոնց սահմաններուն անվտանգութիւնը։
«Գ.»