Արցախի Հանրապետութեան Առողջապահութեան Նախարարութեան տուեալներուն համաձայն, Երեքշաբթի, 5 Ապրիլին պսակաձեւ ժահրով վարակուած ըլլալու կասկածով Հայաստան ուղարկուած երկու փորձանմուշներու քննութեան արդիւնքներէն ի յայտ եկած է, որ անոնցմէ մէկը վարակուած է ժահրով:
Նախարարութեան տեղեկատուական կեդրոնը այս գծով հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ յայտնեց, որ նշեալ քաղաքացին 2 Ապրիլի առաւօտեան շտապ օգնութեան ինքնաշարժով տեղափոխուած էր Քաշաթաղի բժշկական կեդրոն եւ մեկուսացուած: Քննութեան ենթարկուած երկրորդ քաղաքացին եղած է Հայաստանէն վերադարձած քաղաքացիին դրացին, որ 4 Ապրիլին այլ խնդիրով մը տեղափոխուած է բժշկական կեդրոն:
Նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ քաղաքացին Հայաստանէն Արցախ վերադառնալէ ետք գտնուած է Քաշաթաղի շրջանի Միրիկ գիւղին մէջ, նախորդ օրերուն ան յարաբերութեան մէջ եղած է 17 քաղաքացիներու հետ, որոնք, ապահովութեան նկատառումներով, նախօրօք ինքնամեկուսացուած են, եւ այս պահուն որեւէ ախտանշաններ չունին, անոնց բնակարանները հականեխուած են, իսկ Միրիկ գիւղը հսկողութեան տակ է:
Արցախի պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան այս մասին խօսելով ըսած է, որ վարակուած անձը 60 տարեկանէն վեր է, ուստի աւելի վտանգի ենթակայ է: