Չորեքշաբթի, 8 Ապրիլ 2020-ին, Համաշխարհային Առողջապահութեան Կազմակերպութիւնը կոչ ուղղեց բոլոր պետութիւններուն հիւանդապահութեան ոլորտն ու ուսուցումը զարգացնելու, զգուշացնելով ընդհանուր առմամբ հիւանդապահական քատրերու նուազումէն, յատկապէս պսակաձեւ ժահրի համաճարակի տարածման ներկայ պայմաններուն մէջ։ Կազմակերպութիւնը «Հիւանդապահութեան Իրավիճակը 2020-ին» վերնագիրը կրող զեկոյց մը ներկայացուց, որուն մէջ յստակօրէն յայտնեց, որ այսօր աշխարհի մէջ 28 միլիոն հիւանդապահ եւ հիւանդապահուհի գոյութիւն ունի, սակայն համաշխարհային բացթողումը ամբողջացնելու համար կարիքը կայ 5,9 միլիոն հիւանդապահի եւս: Անոնց մեծամասնութիւնը պէտք է ուղարկուի Ափրիկէ, Հարաւարեւելեան Ասիա, Միջին Արեւելք, Արաբական Ծոցի եւ Լատինական Ամերիկայի կարգ մը երկիրներ։