Շէնքին մէջ տաղտուկ կար: Պսակաձեւ ժահրին կամաւոր բանտարկեալները որոշած էին վերջ տալ իրենց տնային կալանքին:
-Ինը տարի պատերազմական օրեր ապրեցանք, այսքան երկար տան մէջ չբանտարկուեցանք: Ամէն առտու երեսս կը խաչակնքէի, գործի կ’երթայի,- կ’ըսէր Գէորգ:
-Բոլորս նոյնն էինք , Գէո՛րգ, գործէն վերջ ալ ակումբ կ’երթայինք: Հիմա ո՛չ գործ, ոչ ալ ակումբ. կնիկի պէս տունը նստեր ենք:
-Ո՞վ ըսաւ, որ կիները տունը նստան այդ օրերուն: Ո՞ր ուսուցչուհին դպրոցէն բացակայեցաւ, ո՞ր խաչուհին թերացաւ իր պարտականութեան մէջ,- կանանց իրաւունքներու պաշտպան Սեւանն էր Արամին արտայայտութենէն նեղացողը:
-Ես ձանձրացայ ամէն օր կնոջս նոյն յանկերգը լսելէն՝ «Հերի՛ք է ծխես, տունը բուխերիկի վերածեցիր: Տղոցդ խօսք հասկցո՛ւր, տունը թո՛ղ նստին, փողոցը շուն չկայ: Գնա՛, կանաչեղէն բե՛ր, շո՛ւտ վերադարձիր, հոս-հոն չերթաս»:
-Տուն վերադառնալէդ վերջն ալ չես ազատիր՝ «Կօշիկներդ դրան առջեւ հանէ՛, մտի՛ր, ձեռքերդ լուա՛, հագուստդ ալ փոխէ՛»:
-Քորոնա է, թէ՛ քոլերա, չեմ գիտեր, միայն գիտեմ, որ անոր գերիները դարձանք,-գանգատողը վարպետ Սահակն էր, միջին տարիքի վարպետ երկաթագործ մը:
-Իսկ ես, մինչեւ այս քորոնա կոչուած անիծեալէն ազատինք, ջիղերու խանգարում պիտի ունենամ: Ամբողջ օրը լուրերը մտիկ կ’ընեմ, գիշերն ալ քունս կը խանգարուի:
-Հերի՛ք է գանգատիք, հապա մենք՝ կիներս, ի՞նչ ըսենք. ամբողջ օրը խոհանոցէն ասդին չենք գար: Առաջ միայն անօթեցողը կ’ուտէր, հիմա՝ ձանձրացողը: Բաց պիւֆէի վերածուած է մեր ճաշասենեակը:
-Ի՞նչ ընենք, մամա՛, մենք ալ ամէն ինչէն զրկուեցանք, թէեւ դասէն ու դպրոցէն կը գանգատէինք, արձակուրդ կը սպասէինք, բայց ասի արձակուրդ չէ, բանտարկութիւն է:
-Այո՛, Սարօ՛, իրաւունք ունիս: Այսօր դպրոց հանդիպեցայ, ամայութիւն էր: Ի՞նչ իմաստ ունի դպրոցը առանց աշակերտութեան: Աշակերտներս կարօտ… Խօսքը չկրցաւ ամբողջացնել օրդ. Արփին:
-Մենք ասկէ աւելի դժուար օրեր ապրեցանք, մի՛ յուսահատիք, Աստուած ողորմած է:
Եկէ՛ք ամէն երեկոյ մէկու մը տան մէջ հաւաքուինք ու միասին հաճելի ժամեր անցընենք,- խանդավառ ու եռանդուն Մարալն էր խօսողը:
-Հա՛, հաճելի ժամեր անցընենք՝ վերջն ալ «փուշման» ըլլանք… Չէ՛, աղջի՛կս, չէ, ես վաթսուն տարեկան կին եմ, ճնշում ունիմ, շաքար ունիմ, սիրտ ունիմ, ամէն ինչ ունիմ՝ բացի քորոնայէն: Է՜, այդ քորոնան ալ պակաս թող մնայ, աչքը «քորանայ» ալ հեռու մնայ մեզմէ:
-Ես ուրիշ առաջարկ մը ունիմ. մեր շէնքին տանիքը բաւական ընդարձակ է, մաքրենք, դասաւորենք, հոն հաւաքուինք:
-Ի՞նչ տարբերութիւն տան մէջ կամ տանիքը, նոյն բանն է: Եթէ կ’ուզենք անվտանգ մնալ, պէտք չէ համախմբուինք: Այս տարի տօնական օրերը այսպէս պիտի դիմաւորենք, աւելի լաւ է զգոյշ ըլլանք՝ փոխանակ վերջը զղջանք: Քիչ մը եւս համբերենք, վտանգը թող անցնի ու մենք կրկին վայելենք բարի դրացիութեան վրայ հիմնուած մեր յարաբերութիւնները: Ըլլանք զգոյշ ու խոհեմ, միշտ ապաւինելով Աստուծոյ,- տիկին Զուարթին խօսքերը համոզիչ ու տպաւորիչ էին:
-Այս օրերը կ’անցնին, առաջին անգամ մեր տան մէջ կը հաւաքուինք:
– Ո՛չ, մեր տունը աւելի մեծ է:
– Տանիքը շատ աւելի մեծ է: Ճոխ սեղան մը կը պատրաստենք, քէֆ կ’ընենք: Առողջ մնանք ամէն ինչ կ’ընենք:
Ու այսպէս, իւրաքանչիւր ընտանիք առանձնացաւ իր տան մէջ: Չէ որ մարդ խօսելով, բաժնեկցելով հոգին կը թեթեւցնէ ու կը հանգստանայ: Մարդ արարածը ընկերային էակ է, անկարելի է որ առանձին ապրի: Կեանքը գեղեցիկ է, երբ մենք կը վայելենք անոր բիւր բարիքները, կ’աշխատինք, կը տքնինք, դժուարութիւնները կը յաղթահարենք, կը վայելենք մեր հարազատներուն, բարեկամներուն, դրացիներուն ներկայութիւնը, դժուար պահերուն անոնց անվերապահ մօտեցումն ու աջակցութիւնը:
Մարդ արարածը իր լաւ ու վատ օրերուն իր նմանին կը կարօտի, մարդը մարդով է գեղեցիկ ու կեանքը մարդով է լիարժէք:
Առողջ մնանք ու վայելենք մեզի շնորհուած կեանքը, վառ պահելով մեր հաւատքը , յոյսն ու սէրը:
Ռիթա Կաղեան-Տիքպիքեան