Մենք խաղաղ էինք մեր լեռներուն պէս, քորոնան հողմի պէս ներս խուժեց վայրագաբար։ Բանաստեղծ Յ. Շիրազին ներողամտութիւնը պիտի խնդրէի, իր բանաստեղծութեան այս տողերը այլափոխելուս համար։
Մարտ ամսուան սկիզբն էր։ Լուրերէն, դիմատետրի էջերէն, պատկերասփիւռէն եւ այլ լրատուական միջոցներէ լսեցինք պսակաձեւ ժահրին կամ Covid 19-ի մասին։ Լսեցինք ու ծանօթացանք նաեւ Չինաստանի Ուհան քաղաքին մասին: Իմացանք նաեւ, թէ չղջիկ եւ օձ ուտելու միջոցաւ սկսած է փոխանցուիլ այդ ժահրը: Տարօրինակ մարդ արարած, ինչե՞ր կ’ուտես այլասերած:
Այս բոլորը ընկալեցինք որպէս սովորական լրատուութեան մը տարօրինակ մէկ բաժինը:
Լուրը ականջի ետեւ նետելով առաջ անցանք։ Ի՞նչ հոգ, մենք ո՜ւր, Չինաստանը ուր։ Մենք պատերազմ տեսած ժողովուրդ ենք, երբ հրթիռ իյնար, այնքան ատեն որ մեր գլխուն կամ մեր տան վրայ չէր իյնար, սովորական մեր օրը կը շարունակէինք: Բայց ծուռ նստինք, շիտակ խօսինք, մենք գթասիրտ ու բարեսիրտ ենք, վայրկեանին աղօթեցինք չինացիներուն համար ու ըսինք՝ «Աստուած հասնի անոնց»։
Ժահրի զոհերուն թիւը հետզհետէ սկսաւ աւելնալ եւ արձանագրուեցան առաջին քանի մը մահացողներուն անունները։ Ժահրը սկսաւ ոստոստել, անցաւ Իտալիա, Ֆրանսա, եւ՝ աշխարհի միւս ցամաքամասեր, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ… ժահրով վարակուողներուն թիւն ալ սկսաւ աճիլ։
Մենք պատերազմ տեսած ժողովուրդ ենք, քորոնան եթէ հոս գայ, ինք կ’ոչնչանայ։ Քորոնան Սուրիոյ սահմաններէն ներս չի կրնար թափանցել, կը վախնայ։ Քորոնան մեզմէ պզտիկ է, իրմէ՞ պիտի վախնանք, մենք այդքան բան տեսանք, որ այս աներեւոյթ ժահրէ՞ն պիտի սոսկանք… ըսինք ու անտարբեր մնացինք։
Ու յանկարծ փոխուեցաւ ամէն բան եւ քորոնան մոռցնել տուաւ անցածը։
Մարտի կիսուն յայտարարուեցաւ, որ դպրոցները պիտի փակուին մինչեւ Ապրիլ ամսուան սկիզբը։ Պետական քննութիւն ունեցող պաքալորիայի եւ պռովէի աշակերտները, համալսարանի ուսանողները շշմած էին՝ այսքան ժամանակ կը պատրաստուէին յետաձգուա՞ծ տեսնելու քննութիւնները, հիմա ի՞նչ ընել, սպասե՞լ, սորվի՞լ։ Միւս կողմէ, մնացեալ կարգերու աշակերտները ուրախ էին, երկինքէն շնորհուած արձակուրդ մըն էր ահա՛։
Առաջին քանի մը օրերը սովորական արձակուրդի մը ուրախութիւնը ապրեցանք։ Մարդիկ սկսան պտոյտներ կազմակերպել, իրարու այցելել եւ այլն։ Զբաղումներու այս շարանը այնքան երկարեցաւ, որ փոքրերէն ոմանք քորոնան տօն մը, սիրելի անձնաւորութիւն մը կարծեցին, որուն մասին հետաքրքրական պատմութիւններ ալ սկսան հիւսել։
Բայց լրջութիւնը աստիճանաբար հանգրուանեցաւ, երբ բոլոր միութիւններուն ձեռնարկները, տօնակատարութիւններն ու հաւաքները յետաձգուեցան։ Մարդիկ օդը դուրս տուող փուչիկի մը պէս յուսախափ դարձան։ Քանի մը օր վերջ պզտիկներն ու ուրախ աշակերտներն ու իրենց ծնողները սկսան տունը մնալ ու ձանձրանալ, անոնք քորոնային վտանգը ըմբռնեցին: Ալ կատակ չկար: Ալ տունէն դուրս ելլել չկար, ձեռքերը պէտք էր տեւաբար լուալ, տունէն ներս մտնելուն կօշիկները հանել, ամէն բան հականեխել, սխտոր ուտել, քացախ խմել…
Պողոտաներն ու բնութիւնը շունչ քաշեցին։ Շուկայ, դպրոց, փողոց… ամէն տեղ հականեխուեցաւ։ Վերջապէս մեր փողոցները մաքրուեցան, այնպէս ինչպէս մաքրուեցաւ օդը: Բոլորը գործէ դադրեցան, միայն մայրերուն աշխատանքը կրկնապատկուեցաւ։
-Մամա՛, անօթեցանք: Մամա՛, ձանձրացանք: Այս գանգատները խոհանոցը արգելափակեցին մայրերը։ Ընտանիքի անդամները, օրը 24 ժամ իրարու հետ անցընել սկսան, վէճերն ու ըսի-ըսաւները շատցան։
Բջիջային հեռաձայնները բարեբախտաբար մեղմացուցին վիճակը: Կեանքը դարձաւ առցանց։ Դասերը, զանազան գործունէութիւնները համացանցի ճամբով, իւրաքանչիւրը իր տունէն սկսաւ սփռել։ Մէկ խօսքով կեանքը ելեկտրոնային դարձաւ ու փոքրացաւ աշխարհը, դարձաւ մէկ ընտանիք։
Մարտ ամսուան տօները ի՞նչ եղան… Ուսուցիչներու տօնը այս տարուան պէս տխուր չէր անցած։ Շնորհաւորութիւնները առցանց փոխանակուեցան, սակայն ուսուցիչները նուէրները առցանց չկրցան ստանալ։
Քանի մը օրուան տարբերութեամբ, 21 Մարտին Մայրերու տօնը վրայ հասաւ։ Քիչ թէ շատ ան ալ առցանց տօնեցինք ու ծանօթացանք բոլորին մայրերուն։ Մօր ձեռքերը, սուրբ ձեռքերը օճառէն ու ջուրէն, հականեխիչ դեղերէն ալ աւելի սրբացան, իսկ անգործութեան հետեւանքով հայրական քսակները ալ աւելի նօսրացան:
Սուրիահայերս ահռելի դժուարութիւններ անցուցինք վերջին տասնամեակին, այս ալ կ’անցնի։ Քիչ մը համբերենք։ Պսակաձեւ ժահրն ալ յուշ կը դառնայ ու ծիծաղով կը յիշենք ու կը պատմենք այս օրերուն մասին։ Կը պատմենք, թէ ինչպէ՞ս յետաձգուեցան յատկապէս մեր երիտասարդներուն երազները, 2020-էն անոնց ակնկալութիւնները:
Ուրեմն տունը մնանք ու համբերենք: Անվճար ու վստահելի այլ դարման չունինք առայժմ:
Սեւան Ա. Մանճիկեան