Հինգշաբթի, 9 Ապրիլ 2020-ին, յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին, Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի եւ Խաւարման կարգերը, որոնց նախագահեց Ճեզիրէի Հայոց Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգեշնորհ Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան։
Այս տարի, բացառաբար, որպէս աշակերտներ սուրբ խորան ներկայացան Գամիշլիի պահակախումբի հոյլ մը երիտասարդներ, որոնք երկիւղածութեամբ հետեւեցան արարողութեան։ Հոգեշնորհ հայր սուրբը իր բնաբանը քաղեց Յովհաննէս Պլուզ վարդապետին ճառէն, ուր բազմիցս յիշատակուած է սիրոյ կարեւորութիւնը։
Հայր սուրբը մեծ ուրախութեամբ իր խնդութիւնը բաշխեց նաեւ Ճեզիրէի հայութեան։ Ան դրուատիքով անդրադարձաւ պահակախումբի տղոց ըսելով. «Անոնք կը նմանին այն արծիւներուն, որոնց թեւերը բազմած են խորանի աջակողմեան եւ ձախակողմեան բաժիններուն, իսկ անոնց հովանիին ներքեւ Գամիշլիի հայութիւնը իր անդորրը գտած է, վստահելով անոնց աստուածապարգեւ առաքելութեան»։

Երեկոյեան ժամը 5։00-ին տեղի ունեցաւ Խաւարման կարգը, որ կը խորհրդանշէ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի մատնութիւնը եւ չարչարանքները։ Սարկաւագները կարգով ընթերցեցին Աւետարանները։
Թէեւ եկեղեցին հաւատացեալններուն ներկայութիւնը չէր վայելեր, սակայն կը պահպանէր իր խորհրդաւոր մթնոլորտը, որովհետեւ հաւատացեալներուն աղօթքները իրենց տուններէն հնչելով կը միանային մեր աղօթքներուն, իսկ հոգեւորականաց եւ սարկաւագաց դասերը իրենց աղօթքներուն մէջ կը յիշէին հաւատացեալները ու կ՚աղօթէին անոնց համար։

Յակոբ Սարկաւագ Պարսումեան