Ալեքսանդր Սարուխան (Սարուխանեան) Սփիւռքի ամէնէն հռչակաւոր երգիծանկարիչներէն ու ծաղրանկարիչներէն մէկը եղած է, նաեւ համբաւաւոր դէմք մը՝ արաբական աշխարհին մէջ։ Ծնած է Արտանուշ, Պաթումի նահանգ (այժմու Վրաստան), 1 Հոկտեմբեր 1898-ին։ Երկու տարեկանին, ընտանիքին հետ փոխադրուած է Պաթում, ուր եօթը տարեկանին ռուսական դպրոց սկսած է յաճախել։ 1909-ին Սարուխանի ընտանիքը փոխադրուած է Կ. Պոլիս: Ալեքսանդրն ու իր եղբայրը՝ Լեւոն, յաճախած են Վիեննայի Մխիթարեաններու վարժարանը։ 1910-1912-ին երկու եղբայրները հրատարակած են ձեռագիր, չորս էջանի շաբաթաթերթ մը  «Ղուղիկօ» անունով: Լեւոն թերթի գրողն էր, իսկ Ալեքսանդր երգիծանկարիչը։  Իրենց հօրը առեւտրական ծրագիրներու ձախողութենէն ետք, Պաթում վերադառնալու որոշումին պատճառով անոնք ընդհատած են թերթի հրատարակութիւնը, եւ որդիները մնացած են Պոլիս՝ իրենց ուսումը շարունակելու։ Եղբայրները Մեծ Եղեռնի օրերուն այրած են այդ հրատարակութիւնը՝ ապահովութեան նկատառումներով։
Վկայուելէ ետք՝ 1915-ին, Սարուխան եղբայրները ապաստան գտած են աւստրիական  հովանաւորութիւնը վայելող Մխիթարեան վարժարանին մէջ ՝ իրենց ուսուցիչներով եւ խումբ մը աշակերտներով։
Ուսման ընթացքին անոնք անգամ մը եւս թերթ հրատարակելու փորձի մը կը ձեռնարկեն, այս անգամ  գիտական, մանկական եւ մշակութային նիւթեր պարունակող «Հայ Պատանի» 86-էջանի ձեռագիր ամսագիրի մը հրատարակութեան։ Այստեղ Ալեքսանդր բնութեան եւ կենդանական աշխարհին վերաբերող նիւթերն ու պատ-մուածքները ներկայացուցած էր ջրաներկով եւ զուտ դասական ռէալիստական ոճին համապատասխանող ձեւով։ Որոշ նկարներու շրաջակայ տարածութիւնը երիտասարդը նկարազարդած է տուեալ նիւթին վերաբերող տարրերով՝ անոնց շրջանակաձեւ կամ կամարաձեւ դասաւորումով։ Այդ միակ փորձն էր, երբ Սարուխան գիրքեր կամ ժողովածուներ ձեւաւորած է՝  էջերը զարդանախշերով նկարազարդելու եղանակով։ Ամսագիրին մէջ տեղ գտած նկարներէն ի յայտ կուգայ Ալեքսանդրի բնածին շնորհքը: Միաժամանակ հոն  նախանշաններ կարելի էր գտնել անոր չձեւաւորուած նկարելաձեւին եւ ոճին բացայայտման ու մասնագիտական կատարելագործման անհրաժեշտութիւնը։
Մուտրոսի զինադադարէն ետք՝ 1918-ին, Ալ. Սարուխան իբրեւ ռուսերէնի, թրքերէնի ու գերմաներէնի թարգմանիչ աշխատած է անգլիական զօրքին հետ, եւ իբրեւ գրագիր՝ խանութի մը մէջ։ Միաժամանակ ան սկսած է հրատարակել ծաղրանկարներ՝ հայ մամուլին մէջ, յատկապէս՝ «Կաւռօշ» շաբաթաթերթին (1921-1922)։ 1922 -ին Եւրոպա մեկնելով, յաջորդ երկու տարիներուն ուսանած է Վիեննայի Գեղարուեստից ակադեմիային մէջ։
1924-ին Եգիպտոս հաստատուելով, յաջորդ երկու տարիներուն՝ Սարուխան «Հայկական Սինեմա» երգիծաթերթը հրատարակած է։ Գահիրէի մէջ 1927-ին իր գծագրութիւններուն ցուցահանդէսով առաջին անգամ կը ներկայանայ հանրութեան։ Եգիպտացի լրագրող Մուհամմէտ ալ Թապիին հանդիպելով, ան կը սկսի իր 50-ամեայ աշխատակցութիւնը եգիպտական մամուլին իբրեւ  ծաղրանկարիչ՝ «Ռոզ ալ Իւսուֆ» շաբաթաթերթին համար, որուն խմբագիրը ալ Թապին ինք էր: 1928-1934 տարիներուն շաբաթաթերթի կողքի գծագրիչն էր ան։
Իր ստեղծած «Ալ Մասրի էֆենտի» (Եգիպտացի էֆենտի) կերպարը Սարուխանի համբաւը ամրապնդած է։ Սակայն, «Ռոզ ալ Իւսուֆ» շաբաթաթերթի եւ անոր հիմնադիր  Մուհամմէտ ալ Թապիի միջեւ վիճաբանութեան մը հետեւանքով, 1934-ին Սարուխան թերթը լքած է ալ Թապիի հետ եւ մաս կազմած՝ անոր խմբագրութեամբ լոյս տեսնող «Ախեր Սաա» թերթի անձնակազմին։
1939-1942-ին հայ ծաղրանկարիչը հրատարակած է «Լա Քարաւան» ֆրանսերէն երգիծաթերթը, իսկ 1945-ին՝ «Այս Պատերազմը» գիրքը (ֆրանսերէն ու անգլերէն), որ անոր երգիծանքի լաւագոյն դրսեւորումը նկատուած է։
1946-ին ալ Թապի թերթը ծախած է «Ախպար ալ Եաում» օրաթերթին, ուր Սարուխան անցած է աշխատանքի մինչեւ 1952, իսկ այնուհետեւ, կեանքի վերջին քսանհինգ տարիներուն, աշխատած է «Ախպար» օրաթերթին մէջ։ Սարուխան նաեւ աշխատակցած է եգիպտական օտարալեզու մամուլին, ինչպէս նաեւ «Արեւ» հայկական օրաթերթին: Երկարատեւ տարիներու իր աշխատանքին բերումով ապրած ու իր գործերով արտացոլացուցած է Եգիպտոսի քաղաքական աւելի քան յիսուն տարուան վերիվայրումները:
Այլ վայրերու շարքին, ցուցահանդէսներ ունեցած է Երեւանի (1968) եւ Մոնթրէալի մէջ (1973)։
Սարուխանի երգիծագրական-ծաղրանկարչական վաստակը կ’ընդգրկէ աւելի քան 40.000 գործ։ Ան նաեւ աշխոյժ կերպով մասնակցած է Գահիրէի ազգային կեանքին։ Հրատարակած է ծաղրանկարներու հայերէն հատորներ, ինչպէս՝ «Մենք Մեր Ակնոցով», «Տե՛ս Խօսքերդ» (1962), եւ «Մենք Հայերէն Չենք Գիտեր» թատերախաղը (1963)։ Անոր երգիծանկարները նկարազարդած են Երուանդ Օտեանի «Ընկեր Փանջունի»ի (1938) եւ Յակոբ  Պարոնեանի «Մեծապատիւ Մուրացկաններ»ու (1962) վերահրատարակութիւնները։ Անոնք օգտագործուած են այդ երկու գործերուն Ճէք Անդրէասեանի անգլերէն թարգմանութիւններուն, ինչպէս եւ Օտեանի «Ընկեր Փանջունի»ի՝ Վարդան Մատթէոսեանի սպաներէն թարգմանութեան մէջ։
Ալեքսանդր Սարուխան իր մահկանացուն կնքած է Գահիրէի մէջ, 1 Յունուար 1977-ին։ Անոր երգիծանկարներուն յետմահու ցուցահանդէսները կազմակերպուած  են Աղեքսանդրիոյ (2009), Աթէնքի (2017), Գահիրէի (2018) եւ Լիվըրփուլի մէջ (2018)։ Մամուլի մէջ հրապարակուած իր յուշերը ամփոփուած են հատորի մը մէջ եւ լոյս տեսած Գահիրէ։
 Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ կը ցուցադրուին 14 ընկերական շարժումներ, «Մեծապատիւ Մուրացկանները» ու պատկերազարդումները (9 պատկեր), «Մարդկային Կատակերգութիւն» շարքէն մէկ երգիծանկար եւ այլ աշխատանքներ:
«Մենք Հայերէն Չենք Գիտեր» կատակերգութիւնը 1963-ին բեմադրուեցաւ Հայաստանի պատկերասփիւռի թատրոնին կողմէ։
Սարուխան գրած է բազմաթիւ յօդուածներ ծաղրանկարչութեան եւ սփիւռքահայ կեանքի մասին։
Ըստ «Արմինըն Միրոր-Սփեքթէյթ» շաբաթաթերթի, անոր ստեղծագործութիւններու մէկ այլ ցուցահանդէսը  ներկայիս կը գտնուի Լիվըրփուլի (Անգլիա) «Տէյթ Մոտըրն» թանգարանին մէջ: Միջազգային Երգիծանկարիչներու Կոմիտէի կողմէ «Երգիծանկարչութեան Նահապետ» տիտղոսին արժանացած տաղանդաւոր երգիծանկարիչ Ալեքսանդր Սարուխանի  ստեղծագործութիւններու վերջին ցուցահանդէսը  Գահիրէի մէջ կը կրէր «Անցեալի Կանխատեսումներու Արձագանգները» ընդհանուր խորագիրը: Այնտեղ ներկայացուած էին 35 բնագիր գծանկարներ, որոնք  կը պատկերացնէին Եգիպտոսի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան մօտ 50 տարուան դէպքերը, որոնք այսօր ալ այժմէական են: Նախորդ ցուցահանդէսը, որուն ընթացքին ցուցադրուած էին 1930-1970 թուականներու աշխատանքները,  կը կրէր «Քաղաքական Կատակերգութիւն» խորագիրը:
Դիտելով անոր ծաղրանկարները, վերջապէս դո՛ւք ալ պիտի հաստատէք, որ ինչքա՛ն այժմէական են Սարուխանին գաղափարները, պիտի տեսնէք, թէ  ինչքա՜ն երկար տառապած է ան իր իսկական կոչումին՝ արուեստին հասնելու համար։
Ան մի՛շտ ընտրած է իր իսկակա՛ն կոչումը՝ իր աստուածաշնորհ տաղանդը, իր միա՛կ եւ անփոխարինելի սէրը՝ իր արուեստը։
Սարուխան պարզօրէն հաստատած է ինչ որ հիմա այս օրերուն կը կրկնուի. «Հետեւէ՛ Կիրքիդ» (follow your passion):
Ան կ’ըսէր. «Տաղանդը լաւ բան է, բայց կիրարկուած ճիւղին հանդէպ կիրքը աւելի լաւ է։ Կարելի է ըսել, որ լաւ է նուազ տաղանդ ունենալ, բայց սէր ու կիրք ունենալ գործին հանդէպ, քան մեծ տաղանդ ունենալ, բայց չսիրել ճիւղը»:
«Ազատ ասպարէզի մարդ եմ։ Ճի՛շդ է, մեծ հարստութեան չտիրացայ, բայց իմ աչքին՝ ազատութիւնը հազարներու արժէք ունի»:
Սարուխանի կեանքին նպատակն էր շուրջիններուն ժպիտ բաշխել:
 29 Դետկեմբեր 2006-ին Եգիպտոսի մայրաքաղաքի կառավարիչին հրամանագիրով, որոշուած է քաղաքի փողոցներէն մէկը անուանակոչել հայ մեծանուն երգիծանկարիչ Ալեքսանդր Սարուխանի անունով, իբրեւ երախտագիտական արտայայտութիւն եգիպտական երգիծանկարչութեան մէջ իր  ներդրած նշանակալի աւանդին։
Սարուխան օժտուած է արատները, շողոքորթութիւնը, մարդկային կեղծ ժպիտները անողոքաբար վեր հանելու եւ զանոնք դաժան ծաղրի ենթարկելու արտասովոր ունակութեամբ: Միւս կողմէ՝ նոյնիսկ ամենասովորական դէպքերն ու գործողութիւնները անոր մատիտին տակ կը դառնան ծայր աստիճան զուարճալի:
Ուսումնասիրեց
Զեփիւռ Պապիկեան-Աւագեան