Ա՜խ, ափսո՜ս… միշտ կ’ուզենք ձերբազատիլ մեր տկարութիւններէն, բայց չենք յաջողիր եւ այդ մէկը կը նեղացնէ մեզ։ Կան զանազան մարդկային տկարութիւններ, որոնցմէ պիտի անդրադառնամ մէկուն՝ ստախօսութեան։ Անիկա ներկայիս տարածում գտած երեւոյթ մըն է, որ տարածուած է մեր առօրեային մէջ, սկսած ընտանեկան կեանքէն հասնելով մինչեւ ընկերային կեանք։
Ոմանք իրենք զիրենք կ’արդարացնեն պատճառաբանելով, թէ ստիպուած են ստելու, պահելու համար գաղտնիք մը, կամ իրենք զիրենք պաշտպանելու համար: Ուրիշներ ալ կ’ըսեն, թէ հաճոյք կը ստանան անկէ։ Սակայն կը մոռնան, որ սուտը բնական բան մը չէ: Աստուած երբ ստեղծեց մարդը իր պատկերին պէս, ստախօսութիւնը չդրաւ անոր բնոյթին մէջ։
Ընդհանրացած կարծիք է, թէ սուտը կ’ըլլայ երկու տեսակ՝ «ճերմակ սուտ» եւ «սեւ սուտ»։ Դժբախտաբար շատեր կը հաւատան այս կարծիքին եւ չեն գիտեր, որ սուտը սուտ է՝ ի՛նչ ալ ըլլայ։ Ամէն սուտ, որքան ալ «անմեղ» թուի մեզի, վնաս կը հասցնէ եւ ի վերջոյ կրնայ բացայայտուիլ, որովհետեւ կ’ըսեն. «Սուտին ոտքը կարճ կ’ըլլայ»։ Այդուհանդերձ շատեր իրենց կեանքը հիմնած են սուտի վրայ ու չեն գիտեր, թէ ապագային ինչպիսի՛ դժբախտութիւններու կրնան հասնիլ։
Ստախօս անձ մը ինչպէ՞ս կրնայ փոխուիլ։
Մարդ իր կամքով ամէն ինչ կրնայ ընել։ Եթէ ան ուզէ յառաջանալ ու ինքզինքը բարելաւելու կամք ունենայ, պիտի յաղթահարէ այս յոռի երեւոյթը, բայց եթէ կամք չունենայ՝ գերին պիտի դառնայ անոր եւ բնաւ պիտի չփոխուի։ Մարդկային բոլոր տկարութիւններէն ձերբազատելու համար կարեւոր է կամք ունենալը։ Ուրեմն՝ ձերբազատինք անոնցմէ, մանաւանդ ստախօսութենէն, որ կրնայ քանդել մեր կեանքը։
Միրէյ Չաղլասեան
Ժ. կարգ
Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան