Կեանքը լեցուն է փորձութիւններով ու մարտահրաւէրներով, բայց մեր պարտականութիւնն է անոնց դէմ ելլել մեր երազներով ու նպատակներով։ Մենք մեր երազներուն ու նպատակներուն պէտք է հաւատանք, անոնց կառչինք ամէն ուժով, որովհետեւ անոնք կ’որոշեն մեր անձնաւորութիւնը, կեանքին ուղղութիւն կու տան եւ մեր ճամբան կը յստակացնեն դէպի ապագայ։
Ինչ ալ ըլլայ, պէտք չէ յուսահատինք։ Մեր երազներն ու նպատակները ըլլան մեծ թէ փոքր, կարելի թէ անկարելի, մենք ըլլանք յաջող թէ ձախող անձեր, կեանքը ըլլայ արդար թէ անարդար, պէտք է ամէն բան ընել հասնելու համար մեր նպատակին, յաղթահարելով դժուարութիւններն ու փորձութիւնները։
Երազներ իրականացնելու ճամբուն վրայ, պէտք է հեռու մնանք մենք մեզի ուրիշներուն հետ բաղդատելէն։ Օրինակ, աշակերտ մը կրնայ շատ աշխատիլ ու դաս սորվիլ եւ իրմէ պակաս սորվող ընկերը աւելի բարձր նիշ կրնայ հաւաքել։ Այս պարագային չյուսահատինք, որովհետեւ մեր թափած ճիգը պարապի չ’երթար եւ ամէն մարդ իր ժամանակն ու միջոցը ունի յաջողութեան հասնելու։
Մի՛շտ հաւատանք մեր երազներուն եւ մի՛շտ ջանք թափենք հասնելու անոնց։
Մակտալենա Աւագեան
Ժ. կարգ
Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան