ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱՑԱՒ «ՌՈՄԱ»Ի ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐԻՆ
Հայաստանի հաւաքականի եւ «Ռոմա»ի կիսապաշտպան Հենրիկ Մխիթարեան միացաւ  հռոմէական ակումբի «Միասին» ծրագիրին, որուն միջոցաւ խումբը օժանդակութիւն կը ցուցաբերէ պսակաձեւ ժահրի  համաճարակին պատճառով սնունդի կամ բժշկական պարագաներու կարիք ունեցող 60-է վեր  տարիքի մարդոց, որոնք ունին ակումբի խաղերու տոմսերու տարեկան անդամագրութիւն:
«Ռոմա»ի կազմակերպած ծրագիրը գործի անցած է 2 Ապրիլէն սկսեալ։ Իտալիոյ մէջ կը գործէ յատուկ հեռաձայնի թիւ, որուն  միջոցով նշուած խումբի մարդիկ կրնան կապ հաստատել ակումբին հետ:  «Ռոմա»ի  նման ծրագիր մը կազմակերպելու գաղափարը ծնունդ առաւ, երբ յայտնի դարձաւ, որ Իտալիոյ տարեցները կը վախնան այս  համաճարակին պատճառով դուրս գալ տունէն՝ սնունդ եւ այլ պարագաներ ձեռք բերելու համար:
ՓԱՐԻԶ ՍԱՆ ԺԵՐՄԱՆ ՊԻՏԻ ՎԱՃԱՌԷ ՆԷՅՄԱՐԸ
Ֆրանսայի Փարիզ Սան Ժերմանի ղեկավարները բանակցութեան գիծ հաստատած են Սպանիոյ ախոյեան Պարսելոնայի պատասխանատու կազմին հետ, առաջարկելով անոնց վաճառել պրազիլցի Նէյմարը փոխան Քրիզմանին: Sport-ը գրեց, թէ ֆրանսական ակումբի ղեկավարութիւնը մտադիր է ամրան փոխադրաշրջանին վաճառել Նեյմարը: Վերջին շրջանին շրջանառութեան մէջ կը դրուէին տեղեկութիւններ, ըստ որոնց, Պարսելոնայի վարչակազմը խոստացած էր Նէյմարը վերադարձնել քաթալոնէական ակումբ։ Այս աշխատանքով ան նուազեցուց պրազիլցի խաղացողին Ռէալ Մատրիտ միանալու կարելիութիւնը: Յիշենք, որ Նէյմար միացաւ ֆրանսական ակումբին 2017 թուականին:
ՉԵԼՍԻ ԱՌԱՋԱՐԿԱԾ Է ՄԻԱՑՆԵԼ ՔՈԹԻՆԻՈՆ
Կիրակի օր անգլիական մամուլը յայտարարեց, որ Չելսի փափաք յայտնած է խումբին միացնել Պարսելոնայի յարձակողական խաղացող Քոթինիոն, որ այժմ մէկ տարուան վարձավճառով մաս կը կազմէ Գերմանիոյ ախոյեան Պայէրն Միւնեխին: Նոյն խաղացողով հետաքրքրուած են նաեւ անգլիական երեք ակումբներ՝ Մանչեսթըր Իւնայթըտը, Թոթենհամը եւ Լէսթըր Սիթին: Աւելցնենք, որ Քոթինիոն 2018 թուականին Լիվըրփուլէն տեղափոխուեցաւ Պարսելոնա՝ փոխան 145 միլիոն եւրոյի, բայց ան չկրցաւ ինքզինք արդարացնել սպանական ակումբին մէջ, եւ մէկ տարուան վարձավճառով փոխադրուեցաւ Գերմանիա:
ՊԱՅԵՐՆ ՄԻՒՆԵԽԸ ԵՐԿԱՐԱՁԳԵՑ ՄԱՐԶԻՉԻՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ
Գերմանիոյ բազմակի ախոյեան Պայերն Միւնեխ անցեալ շաբթուան աւարտին երկարաձգեց խումբի մարզիչ Հանս Ֆիլկի պայմանագրութիւնը: Ֆիլկի նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2023 տարեշրջանի աւարտը: Աւելցնենք, որ Հանս Ֆիլկ գերմանական խումբին մէջ իր պաշտօնը ստանձնեց 2019-ի սկիզբը,  փոխարինելով Նիկօ Կովաչին։ Ան մինչ այդ Ֆիլկ Կովաչիոյի օգնականն էր:
ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ՍԻԹԻՆ ԻՐ ՄԱՐԶԱԴԱՇՏԸ Կ’ՕԳՏԱԳՈՐԾԷ ՈՐՊԷՍ ՊՍԱԿԱՁԵՒ ԺԱՀՐԻՆ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐԵԼՈՒ ԿԵԴՐՈՆ
Անգլիոյ ֆութպոլի ներկայ ախոյեան Մանչեսթըր Սիթին Անգլիոյ  առողջապահութեան ազգային ծառայութեան  առաջարկած է պսակաձեւ ժահրի համաճարակին դէմ  պայքարելու համար  «Էթիհատ» մարզադաշտը օգտագործել որպէս բժշկական աշխատակիցներու վերապատրաստման կենդրոն: Ըստ Daily Mail-ի, յառաջիկայ օրերուն  յատուկ հրաւիրուած բժիշկներն ու բուժքոյրերը տարբեր բուժհաստատութիւններու աշխատակիցներու համար պիտի մասնակցին դասընթացքներու, որովհետեւ  երկրին կառավարութիւնը կը  պատրաստուի  զօրացնել պսակաձեւ ժահրի համաճարակին դէմ  պայքարի միջոցները: Մարզադաշտին մէջ նախատեսուած չէ ընդունիլ հիւանդներ, առ այժմ պիտի բաւարարուին միայն դասընթացքի աշխատանքներով:   Քաղաքի իշխանութիւնները արդէն սկսած են պատրաստել սենեակներ, դաշտին մէջ այդ դասընթացքները իրագործելու համար:
Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան