«Հորիզոն».-Ուրբաթ, 8 Ապրիլ 2020-ին, Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը հաղորդագրութեամբ մը փոխանցեց, որ Պսակաձեւ ժահրի (COVID-19) համաճարակին յարուցած խնդիրներուն պատճառով, Քանատայի հայ համայնքը, Հայոց Ցեղասպանութեան 105-ամեակը պիտի ոգեկոչէ առցանց տարբերակով: Ոգեկոչման հանդիսութիւնը կազմակերպուած է Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբին եւ ՀՅԴ Քանատայի Երիտասարդական Միութեան կողմէ եւ պիտի սփռուի ընկերային ցանցերու հարթակներու վրայ:

Հաղորդագրութեան մէջ շեշտուած է, որ ոգեկոչման առցանց տարբերակը կ՚ապահովէ, որ Քանատայի հայ համայնքը մնայ անվտանգ՝ անսալով Քանատայի կառավարութեան յորդորներուն, միաժամանակ՝ կարելիութիւն կու տայ ոգեկոչելու Հայոց Ցեղասպանութեան մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու յիշատակը:

Առցանց ոգեկոչման հեռարձակուող հանդիսութիւնը պիտի փոխանցէ համայնքի ղեկավարութեան եւ հոգեւոր առաջնորդներու պատգամները, վաւերագրական տեսերիզ՝ ցեղասպանութեան վերաբերեալ Քանատայի մարդասիրական գործունէութեան մասին, ինչպէս նաեւ հայ երիտասարդութեան խօսքը։ Հեռարձակումը տեղի կ՚ունենայ Ուրբաթ, 24 Ապրիլի ժամը 12:00-ին:

24 Ապրիլի ամբողջ շաբթուան ընթացքին, Քանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը պիտի հրապարակէ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման այլ ծրագիրներ, ներառեալ՝ քանատացի քաղաքական դէմքերու պատգամներ:

Քանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Facebook-ի հասցէն է horizonweekly.ca