«Երկիր».-31 Մարտին տեղի ունեցած ԱՀ համապետական ընտրութիւններուն համար սահմանուած նախընտրական քարոզչութեան ընթացքին եւ քուէարկութեան օրը իրաւապահ մարմիններուն կողմէն դիմում-բողոքներու, ահազանգերու եւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներով հրապարակումներու հիման վրայ քննութեան  առնուած է յանցագործութեան եւ այլ իրաւախախտումներու մասին ընդհանուր 72 հաղորդում, որոնցմէ 18-ին համար քրէական գործ յարուցելու որոշում առնուած է, 8-ին համար որոշում  առնուած է արդարացման հիմքով քրէական գործ յարուցելը մերժել, 5-ին համար հաղորդման մէջ նշուած տեղեկութիւնը չէ հաստատուած, 3-ին շուրջ նախապատրաստուած նիւթերը ուղարկուած են ընտրական յանձնաժողովներ ենթադրեալ վարչական իրաւախախտում կատարած անձերուն հանդէպ վարչական վարոյթ յարուցելու հարցը քննարկելու համար, 8-ն կցուած է հաղորդման մէջ ներկայացուած` նոյն պարագային իրականացուող ստուգման նիւթերը, 1-ն տեղական ինքնակառավարման մարմիններ ուղարկուած է, իսկ 29-ը կը գտնուի քննարկման փուլին մէջ:

Յիշեալ 72 հաղորդումներով ներկայացուած պարագաներէն 32-ը գրանցուած է Ստեփանակերտ քաղաքի, 11-ը` Մարտակերտի շրջանի, 11-ը` Մարտունի շրջանի, 7-ը` Շուշիի շրջանի, 2-ական` Քաշաթաղի, Հադրութի եւ Ասկերանի մէջ, իսկ 5 հաղորդման մէջ ներկայացուած ենթադրեալ խախտումները կրած են ընդհանրական բնոյթ եւ տարբեր շրջաններու վերաբերած են:

Իրաւապահ մարմիններու կողմէն քննուած եւ տակաւին քննութեան փուլի մէջ գտնուող ընտրախախտումները եւ ընտրական գործընթացներուն հետ կապուած ենթադրեալ յանցաւոր եւ այլ բնոյթի իրաւախախտումները բաշխուած են հետեւեալ ձեւով`

1) Ընտրակաշառքի մասին — 9 դէպք,

2) Նախընտրական քարոզչութեան պաստառները վնասելու մասին — 3 դէպք,

3) Վարչական աղբիւրներու օգտագործման մասին – 2 դէպք,

4) Լրագրողի գործունէութիւնը խոչընդոտելու մասին – 1 դէպք,

5) Նախընտրական քարոզչութեան մասնակցող անձին զրպարտելու եւ վիրաւորելու մասին– 1 դէպք,

6) Նախընտրական քարոզչութիւնը խոչընդոտելու մասին – 5 դէպք,

7) Ընտրողի ազատ կամարտայայտութիւնը ճնշելու մասին – 8 դէպք,

8) Քուէարկութեան գաղտնիութիւնը խախտելու մասին– 21 դէպք,

9) Ընտրական յանձնաժողովի անդամի, լրագրողի կամ դիտորդի լիազօրութիւններու իրականացման խոչընդոտելու մասին – 4 դէպք,

10) Քարոզչութիւնն արգելուած ժամանակահատուածին քարոզչութիւն կատարելու մասին – 2 դէպք,

11) Այլ անձի փոխարէն քուէարկելու մասին – 10 դէպք,

12) Քուէատուփերը կնքուած չըլլալու կամ կնիքի ամբողջականութիւնը խախտուած ըլլալու մասին – 5 դէպք,

13) Ընտրողներու հիմնական եւ լրացուցիչ ցուցակները ոստիկանութեան կողմէն չհրապարակելու մասին – 1 դէպք:

Հերթական հաղորդումներուն եւ անոնց քննարկման արդիւնքներուն մասին  լրացուցիչ տեղեկատուութիւն պիտի տրուի: